Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Հրաւիրած Է Խորհրդակցութեան` 2018-ի Մեծ Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

March 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրած է խորհրդակցութեան` քննարկելու 2018-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք կարեւորագոյն պետական մեծ ձեռնարկներու` Ֆրանսախօս երկիրներու վեհաժողովի եւ անոր շրջագիծին մէջ տեղի ունենալիք տնտեսական ֆորումի, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակի, Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներու նախապատրաստութեան ընթացքը, ամփոփելու վերոյիշեալ աշխատանքներու իրականացման ծրագիր-ժամանակացոյցերը եւ աւարտական տեսքի բերելու ձեռնարկներու  կազմակերպական ծրագիրները:

Խորհրդակցութեան ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ 26  յունուարին հանրապետութեան նախագահին մօտ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպումին ժամանակ ըստ առանձին ուղղութիւններու  տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքին:

Զեկուցումներով հանդէս եկած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Վահէ  Ստեփանեան եւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան: Անոնք ներկայացուցած են հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով ստեղծուած պետական եւ միջնախարարական յոբելենական յանձնախումբերու գործունէութեան շրջագիծին մէջ մինչեւ օրս  իրականացած եւ յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուող աշխատանքները` բովանդակային, թեքնիք, կազմակերպական, ելեւմտական-տնտեսական, գեղագիտական ձեւաւորման եւ այլ ուղղութիւններով, որոնք քննարկուած են խորհրդակցութեան հրաւիրուած պատասխանատուներուն հետ: Զեկուցողները վստահեցուցած են, որ ծրագրուած աշխատանքները կ՛ընթանան ծրագիր-ժամանակացոյցերու համաձայն եւ կարեւորագոյն պետական վերոնշեալ ձեռնարկները պիտի կազմակերպուին պատշաճ մակարդակով:

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեանը` Վարչապետի Պաշտօնին Սերժ Սարգսեանի Հաւանական Առաջարդման Մասին

Յաջորդը

Հարցազրոյց Երեսփոխան Յ. Բագրատունիի Հետ. Հայ Թեկնածուն Պէտք Է Հայկական Միջավայրը Ներկայացնէ

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.