Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթալոնիոյ Անկախութեան Հանրաքուէի Լոյսին Տակ. Քաթալոնիա Իրերայաջորդ Պատերազմներու Թատերաբեմ

March 21, 2018
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ֆրանսական Յեղափոխական Եւ Նափոլէոնի Բանակներուն Ներխուժումը Եւ Քարլիստներու Պատերազմները
Ֆրանսական բանակին ներխուժումը Սպանիա 1808-ին

Քաթալոնիոյ մայրաքաղաք Պարսելոնայի Պուրպոն բանակին կողմէ գրաւումէն ետք, 1714-ին, Քաթալոնիա արքունական 1716-ի Նուէվա Փլանթա հրովարտակով իբրեւ քաղաքական միաւոր լուծուեցաւ, քաթալան հաստատութիւնները լուծարքի ենթարկուեցան եւ քասթիլիական գերիշխանութիւն հաստատուեցաւ:

Սպանիոյ թագաւորութեան կազմէն ներս Քաթալոնիոյ տնտեսութիւնը բարգաւաճեցաւ, ճարտարարուեստական եւ յատկապէս հիւսուածեղէնի գործարաններ բացուեցան եւ առեւտուրը զարգացաւ Ամերկայի հետ առեւտրական կապերուն շնորհիւ:

* * *

Ֆրանսական յեղափոխութենէն ետք (1789-ին), Ֆրանսայի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ անապահով կացութիւն ստեղծուեցաւ:

Ֆրանսայի Լուի ԺԶ. թագաւորի գլխատումէն ետք (21 յունուար 1793-ին), Սպանիոյ Քարլոս Դ. թագաւոր կը մնար Պուրպոններու տան պետը: Վարչապետ Մանուէլ տէ Կոտոյ, որ Սպանիոյ իրողական ղեկավարը դարձած էր եւ մինչեւ այդ ժամանակ չէզոք քաղաքականութիւն կը վարէր Ֆրանսական հանրապետութեան նկատմամբ, միացաւ Ֆրանսայի հակառակորդներուն:

Սպանիոյ մէջ 20 հազար զինուորներ զօրակոչի ենթարկուեցան եւ շարժեցան դէպի ֆրանսական սահման: Ստեղծուած կացութեան առջեւ, 7 մարտ 1793-ին Ֆրանսա պատերազմ հռչակեց Սպանիոյ դէմ:

Պատերազմի բռնկումէն ետք Քարլոս Դ. թագաւոր զօրավար Անթոնիօ Ռիքարտոն Քաթալոնիոյ մէջ գործող բանակի հրամանատար նշանակեց:

Զօրավար Ռիքարտոյի բանակը 17 ապրիլին յարձակման անցաւ Սէն-Լորան-տը Սերտանյի ուղղութեամբ: Գիւղին մէջ կեդրոնացած ֆրանսացի 400 զինուորները չյաջողեցան երկար դիմադրել եւ քաշուեցան: Այնուհետեւ սպանական զօրքը քալեց Սերէի եւ Թէշի ուղղութեամբ, ուր շրջափակեց ֆրանսական զօրագունդը եւ հազար կամաւորներէ բաղկացած աշխարհազօրը: Բուռն բախումներէ ետք ֆրանսացիք նահանջեցին: Մայիս 14-ին ֆրանսական նոր ուժեր զօրավար Լուի-Շարլ տը Ֆլէրի հրամանատարութեան տակ հասան ճակատ եւ Մա Տէոյի բարձունքին վրայ դիրքեր հաստատեցին: Մա Տէօ, կամ Մանսուս Տէի դղեակը կառուցուած էր ԺԲ. դարուն, տաճարական ասպետներուն կողմէ եւ Ռուսիյոնի վարչական ու զինուորական կեդրոնը եղած էր:

Զօրավար Ռիքարտօ 12 հազար հետեւակ, երեք հազար ձիաւոր եւ 30 թնդանօթ կեդրոնացուց ճակատին վրայ:

Մայիս 17-էն 19 արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Ֆրանսացիք, ծանր կորուստներ տալէ ետք նահանջեցին: Մայիս 23-ին սպանացիք պաշարեցին Պելեկարտի ֆրանսական կայազօրը եւ անխնայ թնդանօթի բռնեցին: Ֆրանսացի զինուորներէն ոմանք կոտորուեցան, ոմանք ալ անձնատուր եղան, իսկ մնացեալները յունիս 24-ին անձնատուր եղան:

Սպանական բանակը յուլիս 17-ին հասաւ Փերփինիան, ուր հինգ թիւերու բաժնուած յարձակման անցաւ քաղաքին վրայ: Արիւնահեղ գօտեմարտեր մղուեցան: Սպանացիք ծանր կորուստներ տուին եւ քաղաքին մէկ մասը գրաւելէ ետք կանգ առին:

Սպանական բանակի հրամանատարութիւնը օգոստոսին նոր զօրագունդեր ղրկեց ճակատ: Զօրավար Ռիքարտօ Փերփինիանի շուրջ եւ Թէթ գետի ափին ամրացուած յենակէտեր հաստատեց:

Սեպտեմբեր 17-ի արեւածագէն առաջ սպանացիք հրետանային կրակ բացին եւ յարձակման անցան: Բուռն գօտեմարտերէ ետք յարձակումը կասեցուեցաւ:

Սպանական բանակը  վերախմբուեցաւ Թրուիլասի մէջ, ուր սեպտեմբեր 22-ին վճռական ճակատամարտ մը մղուեցաւ. ֆրանսացիք տուին շուրջ 4500 զոհ, սպանացիք` 2000: Ֆրանսական բանակի կարգ մը միաւորներ պաշարուեցան եւ  անձնատուր եղան:

Սպանական բանակը շարունակեց յառաջխաղացքը եւ հոկտեմբեր 3-ին հասաւ Լը Պուլու:

Ֆրանսական բանակը նեղ կացութեան մատնուեցաւ, իսկ ձիերն ու ջորիները անբաւարար էին:

Զօրավար Ռիքարտօ որոշեց ֆրանսական Քաթալոնիոյ ծովափնեայ գօտին գրաւել, յատկապէս` Քոլիուրը եւ Փոր-Վանտրը, եւ դեկտեմբերի կիսուն յարձակման հրաման տուաւ: Ֆրանսացիք Քոլիուրի մէջ քանի մը օր դիմադրելէ ետք նահանջեցին, իսկ հոն մնացողները դեկտեմբեր 23-ին անձնատուր եղան:

Զօրավար Անթոնիօ Ռիքարտօ Մատրիտ մեկնեցաւ, նոր ուժերով ճակատ վերադառնալու համար, բայց թոքատապէ հիւանդանալով մահացաւ 13 մարտ 1794-ին: Ան արակոնցի էր, Պարպասթրօ քաղաքէն եւ Սանթիակոյի ասպետներու ուխտի հրամանատարի աստիճան ունէր:

Զօրավար Ռիքարտոյի մահէն ետք Ալեխանտրօ Օ՛Ռէյլի Քաթալոնիոյ բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ, բայց տասը օր ետք մահացաւ եւ անոր յաջորդեց զօրավար կոմս Ֆերմին տէ Քարվախալ:

Ֆրանսացիք նոր ուժեր կեդրոնացուցին Լա Պուլուի շուրջ եւ ապրիլ 30-ի արեւածագին յարձակման անցան. այդ եւ յաջորդ օր կատաղի գօտեմարտեր մղուեցան: Սպանացիք տուին շուրջ երկու հազար զոհ եւ վիրաւոր, իսկ 1500 զինուորներ, 140 թնդանօթներով, գերի ինկան:

Ֆրանսացիք հակայարձակման անցան եւ Քոլիուրի մէջ կեդրոնացած Էոկենիօ Նաւարոյի եօթը հազարնոց զօրագունդը մայիս 29-ին ան-անձնատուր եղաւ: Հոն կեդրոնացած ֆրանսացի թագաւորականները ձկնորսական նաւերով փախուստի դիմեցին:

Ֆրանսական բանակը անցաւ սպանական սահմանը եւ սկսաւ յառաջանալ դէպի Կիրոնա:

Սանթ Լիորէնց տէ լա Մուկա գիւղ մըն է Ֆիկուէրէսի մօտ, Քաթալոնիոյ ներկայ Ալթ Էմփորտա գաւառին մէջ: Սպանական նահանջող զօրքերը հոն կեդրոնացան: Զօրավար Քարվախալ նոր ուժեր համախմբեց եւ 45 հազար հետեւակ ու չորս հազար ձիաւոր կեդրոնացնելով Սանթ Լիորէնց տէ լա Մուկան ամրացուած յենակէտերու վերածեց: Սպանացի զինուորներուն կողքին կային նաեւ փորթուգալցի զինուորներ:

Օգոստոս 13-ին սպանական զօրքը հակայարձակման անցաւ, բայց բուռն դիմադրութեան հանդիպելով եւ շուրջ 1400 զոհ տալէ ետք կանգ առաւ:

Պելեկարտի սպանական պաշարուած կայազօրը սեպտեմբեր 17-ին անձնատուր եղաւ:

Ֆիկուէրէսը, Ռոսէսը եւ Ալթ Էմփորտայի միւս բնակավայրերը պաշտպանելու համար զօրավար Ֆերմին տէ Քարվախալ բանակային երեք զօրագունդեր եւ նահանգային միլիսներու միաւորներ, ինչպէս նաեւ փորթուգալական օգնական ուժեր կեդրոնացուց հիւսիս-արեւելեան Քաթալոնիոյ մէջ:

Ֆրանսական ուժեր նոյեմբեր 16-ի երեկոյեան հասան Քափմանի գիւղը, ուր յաջորդ օր սկսան գօտեմարտերը: Զորս օր շարունակ արիւնահեղ կռիւներ մղուեցան. ֆրանսացիք տուին շուրջ երեք հազար զոհ, իսկ սպանացիք եւ փորթուգալցիք` շուրջ տասը հազար: Նոյեմբեր 20-ին նահատակուեցաւ զօրավար Քարվախալ:

Ֆրանսական բանակը յաղթականօրէն շարունակեց յառաջխաղացքը, գրաւեց Ֆիկուէրէսը եւ նոյեմբեր 28-ին պաշարեց Ռոսէսը: Ռոսէս կը գտնուի Ռոսէսի ծոցի հիւսիսային ափին. քաղաքի բարձունքին միջնաբերդն է: Սպանական ուժերը միջնաբերդին մէջ կեդրոնացան, ուր դիմադրութիւնը շարունակեցին մինչեւ 4 փետրուար 1795 եւ մեծ կորուստներ տալէ ետք անձնատուր եղան:

Այնուհետեւ սպանական ուժերը վերախմբուեցան եւ 14 յունիս 1795-ին Ֆլուվիա գետի ուղղութեամբ յարձակման անցնելով Պասքարայի ճակատամարտին ֆրանսական բանակը նահանջի մատնեցին:

Մինչ այդ Պազէլի մէջ բանակցութիւններ սկսած էին Ֆրանսական հանրապետութեան եւ Փրուսիոյ միջեւ եւ հակամարտ կողմերը հաշտութիւն գոյացուցած էին: Պազէլի երկրորդ դաշինքը կնքուեցաւ 22 յուլիս 1795-ին. Սպանիա Քարայիպեան կղզիներուն երկու երրորդը Ֆրանսայի յանձնեց, որուն փոխարէն ստացաւ պասք Կիփուսքոա երկրամասը:

* * *

Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ 19 օգոստոս 1796-ին կնքուած Սան Իլտեֆոնսոյի դաշինքով Սպանիա հանդէս եկաւ Ֆրանսայի կողքին, ընդդէմ Բրիտանիոյ:

Սպանական նաւատորմը կռուի բռնուեցաւ բրիտանական նաւատորմին հետ եւ նուաճուեցաւ: Մինորքա եւ Թրինիտատ գրաւուեցան: Սպանիա 1800-ին Լուիզիանան Ֆրանսայի վերադարձուց: Մէկ կողմէ ֆրանսական ու սպանական եւ միւս կողմէ բրիտանական նաւատորմերուն միջեւ 1805-ի Թրաֆալկարի նաւամարտին անգլիացիք յաղթանակ արձանագրեցին:

Նափոլէոնի ֆրանսական եւ սպանական բանակները 1808-ին գրաւեցին Փորթուգալը: Նափոլէոն իր եղբայրը` Ժոզէֆը Սպանիոյ թագաւոր հռչակեց: Սպանացիք ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցին: Սկսան արիւնահեղ բախումներ սպանացիներուն եւ ֆրանսական զօրքերուն միջեւ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ ֆրանսական բանակը 1808-ի նոյեմբերին ներխուժեց Սպանիա: Քաթալոնիա պատերազմական գօտիի վերածուեցաւ: Լորան տը Կուվիոն Սէն-Սիրի հրամանատարութեան տակ գործող ֆրանսական եօթներորդ զօրագունդը պաշարեց եւ արագօրէն գրաւեց Ռոսէսը, որմէ ետք, դեկտեմբեր 16-ին, Պարսելոնայի մօտակայ Քարտետոյի մէջ ջախջախեց սպանական բանակը:

Ֆրանսական զօրքը արագօրէն սկսաւ յառաջանալ եւ պաշարեց Սարակոսան, զոր գրաւեց 20 փետրուար 1809-ին, որմէ ետք յարձակման անցաւ Մատրիտի ուղղութեամբ:

Նափոլէոնի կողմէ Քաթալոնիոյ կառավարիչ նշանակուած մարաջախտ Փիեռ Օժերօ
Կիրոնայի պաշտպան Մարիանօ Ալվարէս տէ Քասթրօ

Քաթալոնիոյ մէջ բախումները սաստկացաւ 1809 փետրուարին: Կիրոնա պաշարուեցաւ մայիս 6-ին: Կիրոնացիք բուռն դիմադրութիւն կազմակերպեցին Մարիանօ Ալվարէս տէ Քասթրոյի գլխաւորութեամբ: Սովը եւ հիւանդութիւններ ընկճեցին դիմադրողները, մինչեւ որ քաղաքին բնակիչները դեկտեմբեր 12-ին անձնատուր եղան: Մարիանօ Ալվարէս ձերբակալուեցաւ եւ Փերփինիանի բանտը նետուեցաւ, ուր մահացաւ 21 յունուար 1810-ին:

Նափոլէոն քաթալոնիոյ մէջ առանձին կառավարչութիւն հաստատեց մարաջախտ Փիեռ Օժերոյի գլխաւորութեամբ եւ քաթալաներէնը պաշտօնական լեզու հռչակեց:

Նափոլէոն 1812-ին Քաթալոնիան ուղղակի Ֆրանսայի կցեց եւ զայն չորս նահանգներու բաժնեց:

Քաթալոնիոյ վրայ ֆրանսական գերիշխանութիւնը վերջ գտաւ 1814-ին, երբ բրիտանացի զօրավար Արթիւր Ուելսէյ, Ուելինկթընի դուքսը զինադադար հաստատեց, որուն հիմամբ ֆրանսացիք պարպեցին Պարսելոնան եւ այլ դիրքեր:

Քարլիստներ

* * *

Սպանիոյ թագաւոր Ժոզէֆ Պոնափարթ

Ֆերնանտօ Է. 1808 մարտին Սպանիոյ թագաւոր հռչակուած էր, բայց մայիսին գահընկէց եղած էր Նափոլէոնի կողմէ եւ Ֆրանսա պատանդ տարուած: Նափոլէոնի կողմէ Սպանիոյ թագաւոր հռչակուած Ժոզէֆ Պոնափարթ 1813 յունիս 21-ի Վիթորիայի ճակատամարտին բրիտանական, փորթուգալական եւ սպանական բանակներէն պարտուած դուրս գալէ ետք Ֆրանսա վերադարձած էր: Նափոլէոն հարկադրուած ընդունած էր Ֆերնանտօ Է.-ն վերադարձնել Սպանիա: Իշխան Թալէյրանի պատկանող Վալենսայի դղեակին մէջ 11 դեկտեմբեր 1813-ին դաշինք կնքուած էր, եւ Ֆերնանտօ Է. վերահաստատուած էր իբրեւ Սպանիոյ թագաւոր:

Ֆերնանտօ Է.-ի օրով, մինչեւ 1826 Սպանիա կորսնցուց Ամերիկայի իր գրեթէ բոլոր գաղութները` բացի Քուպայէն եւ Փուէրթօ Ռիքոյէն:

Ֆերնանտօ Է. 1819-ին տասը զօրաբանակներ պատրաստած էր, զանոնք ամերիկեան գաղթավայրեր ղրկելու համար: Զօրաբանակները համախմբուած էին Քատիսի մէջ, հոնկէ նաւերով ճամբայ ելլելու համար:

Քատիս հասնելէ ետք ասթուրիական զօրաբանակի հրամանատար զօրավար Ռաֆայէլ տէլ Ռիկօ, իր կողքին ունենալով ազատական խումբ  մը սպաներ, 1 յունուար 1820-ին ապստամբութեան դրօշ պարզեց, թագաւորէն պահանջելով սահմանադրութիւն հռչակել:

Ռիկոյի զօրքերը իրար ետեւէ իրենց հակակշիռին տակ առին անտալուզիական շարք մը քաղաքներ: Նոյն օրերուն ապստամբութիւն բարձրացաւ Կալիցիոյ մէջ, որ արագօրէն տարածուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ: Ապստամբ զինուորներ մարտ 7-ին պաշարեցին Մատրիտի թագաւորական պալատը եւ մարտ 10-ին թագաւորը ստիպուած սահմանադրութիւն հռչակեց:

Վիեննայի 1822-ի քոնկրեսի աւարտէն ետք, ֆրանսական բանակը 1823-ին ներխուժեց Սպանիա եւ վերահաստատեց բացարձակ միապետութիւնը:

Քաղաքականօրէն խառնակ այդ տարիներուն քաթալաններ շարք մը ապստամբութիւններ բարձրացուցին:

* * *

Իզապէլ Բ. թագուհի

Ֆերնանտօ է. թագաւոր մահացաւ 1833-ին, որմէ ետք բացարձակ միապետութեան կողմնակիցները Քարլոս Դ.ի զաւակին` Տոն Քարլոսի (Քարլոս Ե.) գլխաւորութեամբ 1833 հոկտեմբեր 4-ին ապստամբութիւն բարձրացուցին Իզապէլ Բ.-ի օրով գահին խնամակալուհի Մարիա Քրիսթինայի դէմ: Ապստամբները ծանօթ դարձան քարլիստներ անունով: 1837-ին անոնք տասնչորս հազար կռուողներով փորձեցին գրաւել Մատրիտը, բայց չյաջողեցան եւ 1839-ին դադրեցուցին պայքարը:

Քարլիստ երկրորդ պատերազմը սկսաւ 1846 սեպտեմբերին, Քաթալոնիոյ մէջ: Քարլիստ քաթալան ուժերուն հրամանատարն էր զօրավար Ռամոն Քապրերա: Քաթալաններ ապստամբեցան այն հիմնաւորումով, որ կ՛ուզէին Իզապէլ Բ.-ը ամուսնացնել իրենց թեկնածու, Տոն Քարլոսի որդի Ինֆանթէ Քարլոսի հետ: Մինչդեռ թագուհին 10 հոկտեմբեր 1846-ին ամուսնացաւ Ֆրանսիսքօ տէ Ասիս տէ Պորպոնի հետ:

Իզապէլ Բ. 1847-ին Ֆերնանտօ Ֆերնանտէս տէ Քորտոպան Քաթալոնիոյ զինուորական կառավարիչ նշանակեց: Քարլիստները ունէին 10 հազար կռուող, մինչ Քորտոպա 50 հազարնոց զօրք կեդրոնացուց Քաթալոնիոյ մէջ, քարլիստ ուժերը աստիճանաբար մեկուսացուց եւ մինչեւ 1849 նուաճեց զանոնք:

Քարլիստներու պատերազմները աղիտալի եղան քաթալաններուն համար: Քաթալանները (ինչպէս նաեւ պասքերը) մեծ մասամբ քարլիստներու կողքին էին, այն համոզումով որ բացարձակ միապետութեան վերականգնումով պիտի վերահաստատուէին իրենց աւանդական իրաւունքները:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1968)

Յաջորդը

Մտորումներ` Հայրենադարձութեան, Ներգաղթի Եւ Արտագաղթի Մասին

RelatedPosts

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը` Ինքնուրոյն Քաղաքական Միաւոր

October 28, 2026
Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը
Պատմական

Անտիոքի Մեծ Ցոյցը Եւ Դիտորդներու Առաքելութիւնը

October 21, 2026
Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր
Պատմական

Թուրք-Ֆրանսական Բանակցութիւններ Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Առաջին Քայլեր

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.