Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտի Ճանապարհներ. Համօ Օհանջանեանի Տապանաքարը

March 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ 

Համալսարանի բժշկական ուսանողներու շրջապտոյտին դէպի Եգիպտոս` մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցայ զիս հետաքրքրող դարաւոր պատմութեան հետքերն ու տեսարժան վայրերը այցելելու եւ մեր ժողովուրդի համայնքային կեանքին ծանօթանալու համար: Ուսանողաց միութեան անդամ ըլլալով` խնդրած էի յատուկ յանձնարարագիր, որ տեղւոյն մեր հաստատութիւններու այցը դիւրանայ ինծի: Առ այդ, ամենապատեհ առաջին առիթին Գահիրէի էլ-Թուրաա էլ-փուլակիա կոչուած թաղամաս ուղղուելով, Լեւոն Գարմենի յատուկ նամակը ձեռքիս, «Յուսաբեր» մշակութային հաստատութիւն այցելեցի: Մուտքին հանդիպեցայ «Յուսաբեր» օրաթերթի օրուան խմբագիր Բեգլար Նաւասարդեանին: Ջերմ ողջագուրումէ ու սրտբաց խօսակցութենէ ետք զիս հրաւիրեց հաստատութեան բաժիններուն ծանօթանալու` գետնայարկէն մինչեւ դալար կանաչ տանիքը:

Յաջորդ այցերուն եւ կազմակերպուած առիթներուն ներկայ եղայ Գահիրէի ու Աղեքսանդրիոյ դասախօսութիւններուն եւ ընկերական ժողովներուն, հանդիպեցայ նաեւ տեղւոյն քանի մը վեթերաններու: «Յուսաբեր»-ի արտօնատէր Օննիկ Մաճառեանին հետ հանդիպման յայտնեցի հայրենիքի հանրապետութեան երրորդ վարչապետ Համօ Օհանջանեանի գերեզմանին այցի երթալու փափաքս, որ կատարուեցաւ շուտով: Անոր տապանաքարի վրայ գրուած կարդացի` «Ապրեցաւ, ինչպէս քարոզեց»:

Առհասարակ խորհուրդ մըն է որեւէ մարդու մը կեանքը: Օհանջանեանին համար գաղափարը ուժ էր: Խոնարհագոյն մարդը, ըստ իրեն, բան մը չէր արժեր առանց գաղափարի: Կարդացած էի, որ իր մէկ յոբելեանի տօնախմբութեան առիթով կատարուած գովքերուն առիթով կը յայտարարէր. «Ձեզմէ ամէն մէկը Համօ կրնայ դառնալ, եթէ կեանքի մէջ մեծ գաղափարական մը ունենայ, նուիրումի ոգի եւ յարատեւ ծառայելու կորով»: Խօսք, որ, ըստ իս, իր կտակը կը համարեմ մեր սերունդներուն:

Իրապէս, իր կեանքի ընթացքին, հազիւ 20-ը անց ուսանողը,  յեղափոխական գործունէութեան նուիրուած էր. 30-32 տարեկանին արարք պաշտպանած էր դատարաններու մէջ ու բանտ նստած էր: Յետոյ աքսորական, ապա Կովկասի հիւանդանոցներու վարիչ եղած էր, հաշտութեան խորհրդաժողովի պատուիրակ եւ վարչապետ` ապա` կրկին աքսորական, բժիշկ եւ Համազգայինի հիմնադիր, բայց յատկապէս շուրջ կէս դար ՀՅԴ մէջ պատասխանատու պաշտօններու վրայ եւ ղեկավարութեան մէջ եղած էր:

Ինծի համար ազգային գործունէութեան ուղընթացք:

 

 

Նախորդը

Նոր Հարթակներ

Յաջորդը

Լքեալ Գոյքի Հարցի Արծարծումը` Ըստ Երիտթուրքերի Դատավարութիւնների Փաստաթղթերի (1919-1921 Թթ.)*

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.