Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՍՏ «ՆԵԶԱՒԻՍԻՄԱՅԱ ԿԱԶԵԹԱ»Ի ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ Կ՛ՈՒԶԷ ՌՈՒՍԻԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ ԴՈՒՐՍ ՄՂԵԼ

November 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քեթրին Էշթըն

Ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթը` անդրադառնալով Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթընի 15 նոյեմբերի հարաւկովկասեան շրջապտոյտին, կը գրէ, որ Արեւմուտքը կ՛ուզէ Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթէն դուրս մղել:

«Վաղը կը սկսի Քեթրին Էշթընի հարաւկովկասեան այցելութիւնը: Էշթըն նախ պիտի այցելէ Պաքու, ապա` Թիֆլիս եւ վերջաւորութեան` Երեւան: Երկիրներու նախագահներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին մասնաւորաբար պիտի քննարկուի տագնապներու լուծման հոլովոյթին մէջ, հիմնականին մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան դերակատարութիւնը աշխուժացնելու հարցը: Միեւնոյն ժամանակ, շրջանառութեան կը դրուին լուրեր, որ Միացեալ Նահանգները եւս պատրաստ են Ռուսիոյ ձեռքէն վերցնելու ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին մէջ գլխաւոր միջնորդի դերակատարութիւնը», կը գրէ օրաթերթը` նշելով, որ Եւրոպայի մէջ ղարաբաղեան տագնապի հոլովոյթի լճացումէն գոհ չեն:

Եւրոպայի դժգոհութեան մասին կը խօսի օրեր առաջ Երեւանի մէջ գտնուող Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Քրիսթիան Վիկենինի յայտարարութիւնը: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումէն ետք Վիկենին լրագրողներուն ըսած էր. «Մենք կը կարծենք, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի շատ ներգրաւուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ® Մենք կը տեսնենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը երկար տարիներու ընթացքին որեւէ արդիւնքի չէ յանգած, եւ այդ առումով պէտք է բան մը տեղի ունենայ, բան մը փոխուի»: Ըստ Վիկենինի, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած են քննարկումներ եւ, մասնաւորաբար առաջարկուած է ֆրանսացի համանախագահը փոխարինել Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչով: Բացառուած չէ, որ այդ ներկայացուցիչը ըլլայ Քեթրին Էշթըն: «Պէտք է այդ հոլովոյթին մէջ նոր դերակատարներ ներգրաւել», ըսած էր Քրիսթիան Վիկենին, կը գրէ «Նեզաւիսիմայա Կազեթա»:

Ռուսական օրաթերթը կը գրէ, որ ազրպէյճանցի քաղաքագէտ Ռասիմ Ակայեւ` մեկնաբանելով Վիկենինի յայտարարութիւնները, ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը ձգտին հարաւկովկասեան երկիրները դուրս բերել Մոսկուայի ազդեցութեան գօտիէն:

«Ըստ ազրպէյճանցի քաղաքագէտին, Ուաշինկթըն տակաւին կ՛իրականացնէ Ճորճ Պուշ կրտսերի օրով մշակուած «Մեծ Կովկաս» նախագիծը, որուն նպատակն է հաստատուիլ շրջանին մէջ եւ յառաջ մղել ամերիկեան շահերը: Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ Վրաստանը թշնամաբար տրամադրուած է Ռուսիոյ նկատմամբ, իսկ Ազրպէյճանի իշխող վերնախաւին հակումը աւելի դէպի Արեւմուտք է, քան Մոսկուա, շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու համար մէկ խնդիր կը մնայ` Հայաստանը, որ Ռուսիոյ ռազմավարական դաշնակիցն է: Ակայեւ կը կարծէ, որ Հայաստանը Ռուսիոյ ազդեցութենէն դուրս բերելը դժուար, սակայն իրականանալի նպատակ է», կը նշէ օրաթերթը:

 

Նախորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ, ԻՄԱՍՏՈՒՆ ՈՒ ՀԱՆԴԱՐՏ ՄՕՏԵՑՈՒՄՈՎ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵԼՈՒ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Յաջորդը

ԱԹԱՋԱՆԵԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.