Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան նախագահ Սումա Շաքրապարթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Եւրոպական դրամատան ներդրում ունենալու Լիբանանի ընդհանուր ծառայութիւններու մարզը բարելաւելու գործին մէջ, յատկապէս ճամբաներու, նաւահանգիստի, օդակայանի, ինչպէս նաեւ կրթական եւ բժշկական մարզերու բարելաւումը:
Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց նաեւ ուժանիւթի մարզի հոգատարութեան կարեւորութիւնը, գլխաւորաբար նկատի ունենալով վերջերս Լիբանանի կատարած պաշտօնական յայտարարութիւնը` լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու եւ բնական կազի պեղումները սկսելու մասին:
Նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ միջազգային խորհրդաժողովներուն կարեւորութիւնը:
Ան ներկայացուց Լիբանանի մէջ մշակուած բարեկարգումի ծրագիրները, փտածութեան դէմ պայքարը, պետական ամավարկի վաւերացումը, ինչպէս նաեւ արդիւնաբերութեան վրայ հիմնուած տնտեսութեան տարազը որդեգրելու որոշումը: Ան նշեց, որ Լիբանան սկսած է գործադրել պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործընկերութեան օրէնքը, որ երկրին տնտեսական աճին հիմնական մասնիկը կրնայ նկատուիլ:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան աւելցնելու իր ներդրումները, յատկապէս լուծելու համար Լիբանանի մէջ բնակարանային վարկերու հարցը:
Իր կարգին, Շաքրապարթի ողջունեց լիբանանեան ազգային հաշտութեան մէջ նախագահ Աունի ունեցած կարեւոր դերակատարութիւնը եւ երկիրը իմաստութեամբ կառավարելու անոր կարողութիւնը: Ան Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան կարողութիւնները զետեղեց Լիբանանի տրամադրութեան տակ, գլխաւորաբար երկրին տնտեսական վերականգնումի ծրագիրները գործադրելու իմաստով:
Շաքրապարթի նախագահ Աունին յայտնեց, որ դրամատունը մօտիկ ապագային Պէյրութի մէջ պիտի ունենայ իր գրասենեակը` լիբանանեան պետութեան տրամադրելու համար իր լաւագոյն ծառայութիւնները: Ան Լիբանանը նկատեց շրջանի երկիրներուն գոհարը:
Շաքրապարթի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մեկնումի պահուն ան ըսաւ, որ Լիբանանի կողմէ մեծ թիւով սուրիացի տեղահանուածներու հիւրընկալումը երկրին համար իսկական մարտահրաւէր մը կը նկատուի: Տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է օժանդակել Լիբանանին:
Շաքրապարթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Խալիլ շեշտեց, որ Լիբանանի համար հպարտութիւն է Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման եւրոպական դրամատան հետ գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է բարգաւաճման փոքր եւ միջակ ծրագիրներ գործադրելու:
Իր կարգին, Շաքրապարթի ներկայացուց այն ներդրումները, որոնք Լիբանանի մէջ պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ Լիբանան ծանր բեռ կրած է` սուրիացի տեղահանուածներու ներկայութեան հետեւանքներուն պատճառով:



