Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարապետեան. «Պիտի Ունենանք Տրամաբանական, Զարգացող Եւ Արդար Երկիր»

March 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութեան Լիբանան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ անդրադարձած էինք երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կազմակերպուած հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ լիբանանահայութիւնը ներկայացնող հոգեւոր, ազգային եւ կուսակցական պատասխանատուներու եւ լիբանանահայ գործարար շրջանակի ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին վարչապետ Կարապետեան անդրադարձած է Հայաստանի կառավարութեան կատարած  բարեփոխումներուն եւ ըսած. «Բառացիօրէն բոլոր ոլորտներուն մէջ կան փոփոխութիւններ` կառավարման համակարգ, հարկային, մաքսային, հակափտածութիւն, կրթական, առողջապահական, տեղեկատուական արհեստագիտութիւն, գիւղատնտեսութիւն, դատական համակարգ եւ այլն»:

«Մեր արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ մենք Հայաստանի մէջ  կրցած ենք ապահովել հարթակ մը, ուր կրցած ենք համատեղել անհամատեղելին. նկատի ունիմ Եւրասիական միութեան մեր անդամակցութիւնը, Եւրոպական Միութեան հետ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը, Իրանի հետ մեր բարեկամական յարաբերութիւնները եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու հետ, օրինակ` Միացեալ Նահանգները, Քանատան, Ճափոնը, Նորվեկիան, Զուիցերիան: Ատիկա առիթ կու տայ, տեղակայուելով Հայաստանի մէջ, ունենալով ձեռնարկութիւն, առեւտուր ընել Հայաստանի մէջ, մտնել շատ աւելի մեծ շուկաներ», ըսած է վարչապետը:

Իր խօսքին մէջ վարչապետ Կարապետեան ըսած է. «Վստահ եղէք, որ մենք պիտի ունենանք տրամաբանական, զարգացող եւ արդար երկիր: Այդ երկրի կառուցման մէջ ձեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ իր մասնաբաժինը բերել: Անպատճառ ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք Հայաստանի վրայ, ստեղծեցէ՛ք ձեր անկիւնը, նաւահանգիստ, բան մը, որ ձեզի վստահութիւն պիտի տայ», նշած է վարչապետ Կարապետեան:

Նազարէթ Սապունճեան. «Հայաստան – Լիբանան
Տնտեսական Համագործակցութիւնը Կը Վերաշխուժանայ»

Նախանցեալ օր վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ անոր ընկերակցող պետական պատուիրակութեան պատուոյն ընթրիք մը կազմակերպուած էր «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ, ուր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ գործարարական շրջանակներու հետ: Հանդիպումին խօսք առաւ Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան դիւանի անդամ Նազարէթ Սապունճեան:

Նազարէթ Սապունճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ 20 տարի առաջ սկսած Հայաստան-Լիբանան տնտեսական համագործակցութիւնը արդէն որոշ ժամանակաշրջանի համար ընդհատուելէ ետք կը վերաշխուժանայ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի այցելութեամբ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Աունի Հայաստան տուած այցելութեամբ եւ Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի քաջալերանքով: Ան հաստատեց, որ այս բոլորին կողքին այսօր նաեւ իտէալական պայմաններ կան այդ կապերու ամրապնդման ու զարգացման առումով, որոնց կարգին նշեց տնտեսական աճը, Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մաս կազմելը, եւրոպական շուկային հետ մասնակի համաձայնութիւնը, Իրանի հետ յատուկ համաձայնութիւնները, ներդրումներու դիւրացման համար կարգ մը հիմնարկներու ստեղծումը, Հայաստանի մէջ առկայ աշխատանքային ներուժն ու արհեստավարժ մակարդակը: Իր խօսքի աւարտին Սապունճեան ողջունեց այս աշխուժութիւնը` շատ կարեւոր նկատելով Հայաստան-Լիբանան տնտեսական համագործակցութեան արձանագրած վերելքը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան Այցելած Է Ուաշինկթընի Մէջ Արցախի Ներկայացուցչութիւն Եւ Հայաստանի Դեսպանատուն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Ռուսիոյ Դաշնութեան Խորհուրդի Միջազգային Հարցերու Կոմիտէի Նախագահը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.