Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հերթաբար ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի գործակատար Փերնիլ Տահլեր Քարտելն ու Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթին, որոնց հետ քննարկեց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 14 մարտին գումարուելիք «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը կ՛ըլլայ արդիւնաւէտ` լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու առումով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն տրամադրուած օժանդակութեան ճամբով կարելի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին Լիբանանի բարեկամ երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մասնակցութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն Լիբանանի նկատմամբ իրենց ունեցած վստահութիւնը եւ յառաջիկայ մարտահրաւէրները:
«Լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն նկատմամբ այս վստահութիւնը ամրապնդող հիմնական պատճառը լիբանանեան ազգային զօրակցութիւնն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ ցուցաբերուած վստահութեամբ եւ օժանդակութեամբ կը դրսեւորուի», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն հանդէպ լիբանանցիներուն միջեւ ոչ մէկ տարակարծութիւն կայ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ «Հռոմ 2» խորհրդաժողովէն բխելիք բոլոր որոշումներն ու բանաձեւերը պիտի ամրապնդեն ապահովական հաստատութիւններուն կարողութիւնները, յատկապէս` բանակին, նկատի ունենալով, որ այդ խորհրդաժողովին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ զինել լիբանանեան բանակը:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց «Հռոմ 2» խորհրդաժողովը կազմակերպող ապահովական բոլոր հաստատութիւններուն եւ յատկապէս Իտալիոյ պետութեան:
Նախագահ Աուն Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանէն ստացաւ հեռագիր մը, որ փոխանցուեցաւ Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Ալի պըն Մոհամետ Մըրիի կողմէ: Նամակը կը բովանդակէր հրաւէր մը նախագահ Աունի եւ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի` ներկայ գտնուելու 16 ապրիլին տեղի ունենալիք ազգային գրադարանի բացման պաշտօնական արարողութեան:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ անձամբ հովանաւորեց Վարչական բարեկարգումի պետական նախարարութեան կազմակերպած «2018 – թուայնացումի դար» խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պէտք է պայքարիլ վարչական փտածութեան դէմ, որովհետեւ անիկա լիբանանեան պետութեան արժանապատուութիւնը կը վարկաբեկէ:



