Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի Մայրավանք Այցելեց

March 13, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ի երեկոյեան, պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան Լիբանանի նախագահին ու վարչապետին հետ հանդիպում ունենալէ ետք այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Վեհափառ հայրապետին կողքին հանդիպումին ներկայ էին Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները, իսկ վարչապետ Կարապետեանին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարներ:

Ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը, կաթողիկոսը ըսաւ, թէ զինք իբրեւ հիւր չ՛ընդունիր, այլ իբրեւ տան զաւակ, որովհետեւ հայկական կեանքին մէջ գործող բոլոր կառոյցները կը պատկանին ամբողջ հայութեան: Ապա վեհափառ հայրապետը շեշտեց համահայկական գերագոյն արժէքներու, մարտահրաւէրներու ու ձգտումներու շուրջ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ յիշեցնելով Հայաստանի ու Արցախի հզօրացումը` իբրեւ համահայկական առաջնահերթութիւն: Ան նաեւ ողջունեց Հայաստանի ու Լիբանանի միջեւ աճող տնտեսական յարաբերութիւնը:

Վարչապետ Կարապետեան, իր կարգին, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ: Ան ընդգծեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր ներդրումը Հայաստանի տնտեսական մարզին մէջ` միաժամանակ անդրադառնալով Լիբանանի ու Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւններու առջեւ բացուող լայն կարելիութիւններուն: Վարչապետ Կարապետեան պատասխանեց Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներուն առաւելաբար տնտեսական բնոյթ ունեցող հարցումներուն:

Վեհափառ հայրապետին հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին, Կարէն Կարապետեան այցելեց Մայր տաճար եւ Սրբոց Նահատակաց մատուռ:

Նախորդը

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցելութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջան

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց 2018-ի Պետական Ամավարկը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.