Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանի Այցելութիւնները` Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջան

March 13, 2018
| Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս  Կիտանեան` ի շարունակութիւն իր Քանատայի եւ Լոս Անճելըսի այցելութեան, չորեքշաբթի, 7 մարտին հասաւ Տիթրոյթ` նպատակ ունենալով հանդիպում ունենալ Տիթրոյթի մէջ ապրող լիբանանահայ քաղաքացիութիւն ունեցողներուն հետ եւ բացատրելու մայիսեան խորհրդարանական ընտրութիւններու իւրաքանչիւրին մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նոյն երեկոյեան, Տիթրոյթի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հաւաք,  որուն ներկայ էին կարեւոր թիւով քուէարկող լիբանանահայեր: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք, նախարար Կիտանեան հանգամանօրէն անդրադարձաւ Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային վիճակին: Շեշտը դրաւ Լիբանանի ապահովական դրական կացութեան վրայ` բարձր գնահատելով հանրապետութեան նախագահ Աունի դերակատարութիւնը խաղաղութեան երաշխաւորութեան մէջ: Ապա մանրամասնօրէն բացատրեց ընտրական գործընթացը ու դիմեց ներկաներուն` ամէն գնով կատարելու իրենց ազգային պարտաւորութիւնը` քուէարկելով թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրութեան ճամբով, եւ թէ’ մայիս 6-ին անձամբ ներկայանալով Լիբանան:

Տեղին է նշել, որ ներկաները մեծ խանդավառութեամբ լսեցին նախարար Կիտանեանի հաւաստիքները` Լիբանանի փայլուն ապագային նկատմամբ:

Ներկաներու հարցումներուն ընդմէջէն ակնյայտ էր, որ,  խանդավառուած նախարարի ելոյթէն ու յորդորէն, ինչպէս 2009-ին, այս տարի եւս անոնք պատրաստ են իրենց ազգային պարտականութիւնը կատարելու, որպէսզի Լիբանանի խորհրդարանին մէջ  միասնաբար տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն:

Յաջորդ առաւօտ, նախարարը հրաւիրուեցաւ Արաբ- ամերիկեան լրատուական գործակալութեան կեդրոն, ուր կառոյցի տնօրէնին հետ ունեցաւ հարցազրոյց` իր առաքելութեան մասին:

Հինգշաբթի, մարտ 8-ին, նոյնանման հանդիպում տեղի ունեցաւ Պոսթընի հայութեան հետ, որուն ներկայ էին Կեդրոնական կոմիտէի, կոմիտէի անդամներ եւ ընտրութիններուն արձանագրուած հայորդիներ, ինչպէս նաեւ Լիբանան երթալու պատրաստ համակիրներ: Տեղին է յիշել, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած լիբանանահայերը իրենց վայրերուն մէջ պիտի քուէարկեն ապրիլի 29-ին:

Նախարարին Արեւելեան շրջանի եզրափակիչ հանրային հաւաքը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, Նիւ Ճըրզիի մէջ:

Նախքան հաւաքը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց նախարար Կիտանեանը: Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումին սրբազան հայրը իր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց նախարարին ու ապագայ աշխատանքներուն:

Երեկոյեան Ա. Կիտանեան հանդիպեցաւ Նիւ Ճըրզիի եւ Նիւ Եորքի հայութեան հետ` անոնց հետ կիսելով ընտրական գործընթացը:

Նախարար Կիտանեանի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջան այցելութիւնը եւ մեր հայրենակիցներուն հետ սրտբաց եւ անկեղծ կապերը խանդավառութեան մեծ ալիք ստեղծեցին ընտրութիւններուն արձանագրուած հայորդիներուն մօտ եւ նոր դիմումներով մեծ թիւով համակիրներ արդէն գործի անցած են մեկնելու Լիբանան եւ քուէարկելու հայութեան իրաւունքներուն տէր կանգնող Դաշնակցութեան ցանկին:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Անթիլիասի Մայրավանք Այցելեց

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.