Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Մարտ 1968)

March 13, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Համազգային» Զրոյց-Ընթրիք
«
Այլասիրութիւն»

Ազգային-ընկերային խորք ունեցող նիւթ մը ծեծուեցաւ Պուրճ Համուտի Համազգայինի մասնաճիւղի հերթական զրոյց-ընթրիքին. «Այլասիրութիւնը»:

Չորեքշաբթի, 6 մարտ, երեկոյեան, շրջանի մտաւորական դասակարգը ներկայացնող երկսեռ երիտասարդներ հաւաքուած են Համազգայինի ակումբին մէջ: Օրուան զրուցաբերն է Սարգիս Զէյթլեան:

Զրուցաբերը հարցը կը դնէ քանի մը բաժիններու մէջ` ընկերային, ազգային, համամարդկային եւ քաղաքացիական:

Ազգերու միջեւ փոխյարաբերութիւններ պէտք է ըլլան, ըսաւ Ս. Զէյթլեան, պէտք է մշակութային կապ ստեղծուի ժողովուրդներու միջեւ, բայց` առանց բան մը զիջելու ազգայինէն, սեփականէն:

Ուրիշը սիրելը կենսական է, համամարդկային զգացում: Պայման է` յարգել դիմացինը, ի՛նչ ազգի ալ պատկանի ան: Բայց սիրելով ու յարգելով նմանը` պէտք է գուրգուրալ նաեւ սեփականին վրայ, որպէսզի չկորսնցնենք մեր հարստութենէն:

Պէտք է ըլլալ ազնիւ քաղաքացի, բայց համաշխարհա-քաղաքացի ըլլալու տենչէն վառուելով` չհեռանալ ազգային-քաղաքացի ըլլալէ:

Ընդհանուր գիծերու մէջ Ս. Զէյթլեանի միտք բանին հետեւեալն էր. «Անհատէն կը սկսի մարդկային հոլովոյթը, անհատէն կ՛անցնի ընտանիքին, յետոյ` ցեղին ու ազգին: Յարաբերելով հանդերձ օտարներու հետ` ամրօրէն կառչիլ ազգայինին, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել ուրոյն դիմագիծը: Սիրել ֆրանսացին կամ անգլիացին ու անոնց մշակոյթները, բայց անոնց գերին չըլլալ: Չֆրանսականանանք, կամ չամերկանանանք: Մե՛նք ենք մեր ժողովուրդին պատմութեան աւանդապահը. պէտք է հաւատարիմ մնանք մեր արեան: Օգտուինք օտարներէն, անոնց հարուստ մշակոյթէն` հարստացնելու համար մեր մշակոյթը»:

Ապա տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում.

– «Պէտք է ունենալ ենթահող: Եթէ իր կազմաւորման շրջանին տղան լաւ սնունդ ստանայ եւ ունենայ ամուր ենթահող, ուսումը կը շարունակէ օտար շրջանակներու մէջ, սակայն հոգեկան կապը միշտ կը պահէ այդ ենթահողին հետ», ըսաւ ազգային Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէն Յակոբ Ժամկոչեան եւ աւելցուց. «Պէտք է աչքի առաջ ունենալ մեղուին օրինակը, որ իր հիւթը կը ծծէ բոլոր տեսակի ծաղիկներէն, բայց դառնալով իր փեթակը` կ՛արտադրէ իր ուրոյն ստեղծագործութիւնը` մեղրը»:

– «Հոգ տանիլ հայ համալսարանական ուսանողներուն, որպէսզի ձուլումի չենթարկուին: Համալսարանական ընդհանուր միութիւն մը պէտք է կազմել, որ հաւաքէ իր շուրջ բոլոր հոսանքերու պատկանող մեր երիտասարդները` մտածելու համար մէկ իտէալի շուրջ` ազգապահպանում, ոչ` այլասերում», յայտարարեց երիտասարդ ներկայ մը:

– «Օտար անուն դնելը մեր զաւակներուն, արդէն այլասերումի առաջին սանդխամատն է, ուրկէ կը բարձրանանք կամաց-կամաց` հասնելու համար միւս` աւելի մեղաւոր որդեգրումներու, ինչպէս` օտար լեզու խօսիլ իրարու հետ, երբ գիտենք հայերէն…», ըսաւ անդամուհի մը:

Ընթրիքի բաժինը վարեց Շահանդուխտը: Հրաւիրուած էր նաեւ Սեդրակ Էսմէրեանի հոգածութիւնը վայլելող «Սայաթ Նովա» երգի-նուագի խումբը, որ խանդավառեց երեկոյթը իր հայկական եղանակներով ու երգերով: Ջերմ ծափերու արժանացաւ նաեւ երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեանը: Մեներգեց «Հայաստանի գինի»-ն, «Կռունկ»-ը եւ «Երգիր, անգին, երգիր»-ը:

Ներկաները բաժնուեցան ուշ գիշերին` ժամադրուելով յաջորդ զրոյց-ընթրիքին:

 

Երգչուհի Շաքէ Վարդենիսեան
Պէյրութի Մէջ

«Լիբանանի սոխակը» ճանչցուած երգչուհի Շաքէ Վարդենիսեանը, երկար բացակայութենէ մը ետք, վերադարձաւ Պէյրութ` իր ձայնովը հմայելու համար գեղարուեստասէր հասարակութիւնը:

Հրաւիրուած է եւ մասնաւոր երգահանդէս մը պիտի տայ չորեքշաբթի, մարտ 20-ին, ի նպաստ «Հայկազեան» քոլեճի:

Շաքէ Վարդենիսեան իր բնատուր ձայնը կրթելու համար մեկնած էր Միացեալ Նահանգներ: Շրջանաւարտ եղած է Պալթիմորի նշանաւոր «Փիպատի» երաժշտանոցէն եւ արժանացած է 11 մրցանակներու, որոնց շարքին` Ռաքֆելլըրի, Սնելընպերկի եւ Ֆոնթենեպլոյի մրցանակներուն: Ուսանողութեան շրջանին իսկ իր բացառիկ տաղանդը ուշադրութիւնը գրաւած է աշխարհահռչակ երգիչ Ռոզա Փոնսելի, որ զայն առած է իր հովանաւորութեան տակ:

Շ. Վարդենիսեանը իր ասպարէզը սկսած է Նիւ Եորք, «Մեթրոփոլիթեն» օփերային մէջ, ուր երգած է քանի մը տարի: Այնուհետեւ ձեռնարկած է շրջապտոյտի մը եւ երգած է Ամերիկայի 40 քաղաքներու մէջ, մէջը ըլլալով` Շիքակոյի օփերան: Ստանձնած է նաեւ կարեւոր դեր մը` Իտալիոյ Սփոլեթթօ քաղաքի Մենոթթիի «Ֆեսթիվալ օֆ թու ուըրլտզ»-ի առաջին եղանակի բացումին մէջ:

Երգած է Եւրոպայի գլխաւոր թատրոններուն մէջ, Սպանիա, Փորթուգալ, Հոլանտա, Ֆրանսա, Իտալիա եւ այլն: 1963-ին արժանացած է «Ճիուզեփփէ Վերտի» ոսկի շքանշանին` նոյն հեղինակին «Մաքպեթ» օփերային մէջ իր յաջող դերակատարութեան համար: Միջազգային քննադատներու կողմէ հռչակուած է աշխարհի ամենագեղեցիկ վերտիական ձայն ունեցողներէն մէկը:

Շաքէ Վարդենիսեանը թէեւ մասնագիտացած է օփերայի մէջ, սակայն նոյնքան հմայիչ է հայերէն երգերու մէջ:

Չորեքշաբթի, 20 մարտ, երեկոյեան, Ամերիկեան աղջկանց քոլեճի «Իրվին հոլ»-ի մէջ տալիք իր երգահանդէսին, դաշնակի ընկերակցութեամբ Նորա Վարդապետեանի, յայտագրի երկրորդ մասին պիտի երգէ հայերէն երգեր:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Բալենին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.