ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Ծանօթութիւն. ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէութեան կազմական ժողովին մէջ օրակարգի հարցերէն մէկը նպատակ ունէր երիտասարդ ու նորագիր ընկերներուն ներկայացնել մեր եկեղեցական-համայնքային կեանքը կանոնակարգող «Ազգային սահմանադրութիւնը», որուն վաւերացման (սուլթանի կողմէ) 155-ամեակի սեմին ենք ներկայիս:
15 վայրկեանի սահմաններուն մէջ զեկուցաբերին տուած տեղեկութիւններն ու զեկոյցին յաջորդող զրոյցը շահեկան նկատելով, անոնց կարեւոր կէտերուն խտացումը կը հրապարակենք` հաւատալով, որ հետաքրքրուողներ կ՛ըլլան:
Մեր եկեղեցին
Հին ժամանակներէն, իր ակունքներուն մէջն իսկ, մեր եկեղեցին կղերապետական հաստատութիւն չէ եղած: Ժառանգութեան իրաւունքով հօրմէ որդի յաջորդած քանի մը կաթողիկոսներու համեմատաբար կարճ շրջանէ մը ետք, ազնուականներէ կազմուած «աշխարհաժողով»-ն էր, որ կ՛որոշէր կաթողիկոսութեան յարմար թեկնածուն, անշուշտ` թագաւորին ազդեցիկ միջամտութեամբ: Պետականութեան կորուստէն ետք, պարսկական, թիւրքմենական, թրքական թէ այլ դաժան տիրապետութեանց երկար դարերու ընթացքին եկեղեցին էր, որ միշտ կը մնար կազմակերպումի եւ համախմբուածութեան միակ վայրը, ուր կը պահպանուէին հայութիւնը իր անցեալին կապող ազգային արժէքներն ու մշակոյթի մնացորդացը, աւանդոյթներն ու ծէսերը, լեզուն ու գրականութիւնը:
Պետականութիւնը փոխարինող հաստատութիւնը եղաւ Հայ եկեղեցին, որուն համար ալ արդէն կաթողիկոսներուն տրուեցաւ վեհափառ տիտղոսը, որ կը տրուէր թագաւորներուն:
Ամէն գիւղ ու աւան, նոյնիսկ ամէնէն յետինը կ՛ունենար իր եկեղեցին ու հոգեւոր առաջնորդը, որոնց շնորհիւ` կը կազմուէր համայնքը, հայ մարդոց համախմբուածութիւնը: Քահանան կրօնի ծիսակատարն էր, գիւղացիները մխիթարողը, գիւղին խոստովանահայրն էր, վէճերուն լուծում տուող դատաւորը, խրատողն ու խորհրդատուն, յաճախ նաեւ` դաստիարակը: Համեստ ուժերով եւ իր համայնքին հետ ծէսի ու աւանդութեանց ճամբով ազգային թթխմորին պահապանը:
Ցեղասպանութենէն ետք տեղահանուած հայ գաղթականները զանազան շրջաններու մէջ համայնքային դիմագիծ կը ստանային` նոյնպէս տեղահան եղած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շնորհիւ: Հետագային ալ, սփիւռքի ընդարձակումով, կաթողիկոսութեան գործը կը ծաւալէր: Միջինարեւելեան երկիրներ, եւրոպական ու արաբական անապատային քաղաքներ, Ամերիկա, Քանատա ու մինչեւ Վենեզուելա հայութեամբ բնակուած վայրերու մէջ ի հոգեւորս ծառայողներ կը ղրկուէին` եկեղեցիներ կառուցելու, եկեղեցիներու միջոցով ու շուրջ համայնքային կեանք ու աշխուժութիւն ստեղծելու եւ համախմբել ջանալու համար ցրուած հայութիւնը: Երբեմն այնպիսի անհրապոյր վայրերու մէջ, ուր պիտի չուզէին գործուղուիլ հանրային այլ մարզերու նուիրուած գործիչներ: Հարց է, թէ առանց եկեղեցիի ու եկեղեցականի դերակատարութեան, տեղահանուած հայ հաւաքականութիւնները արդեօ՞ք պիտի կարենային կազմակերպ հայագաղութներու վերածուիլ, թէ՞ ոչ…
Պէտք է ըսել նաեւ, որ եկեղեցիին չափ կարեւոր դեր ունեցան քաղաքական կուսակցութիւնները սփիւռքի կազմակերպման մէջ: Կարելի է հանդարտ ըսել, որ անոնք եղան մղում տուողը եկեղեցիի գործունէութեան:
Ա) Նուիրապետական 4 աթոռներ.
- Երկու կաթողիկոսութիւններ.
Էջմիածնի կաթողիկոսութիւն` հիմնուած 4-րդ դարու սկիզբը, քրիստոնեայ դառնալնէս անմիջապէս ետք: Հետագայ տարիներուն, երբ Հայաստան զրկուեցաւ պետականութենէն, կաթողիկոսութիւնը իր անկախութիւնը պահելու համար դարձաւ թափառական եւ ի վերջոյ կայք հաստատեց Կիլիկիա, ուր մենք հիմնած էինք ինքնիշխանութիւն (1080-1375):
Աւելի վերջ, երբ այլեւս կործանած էր Կիլիկիոյ թագաւորութիւնը, Էջմիածնի եկեղեցականները դիմեցին օրուան կաթողիկոսին, որ վերադառնայ հայրենիք` մայր աթոռ: Հայրապետը մերժեց` առարկելով, որ ինք չի կրնար անտէր ու անգլուխ թողուլ Կիլիկիոյ ու շրջակայքի պետականազուրկ հայութիւնը: Մերժումը պատճառ դարձաւ, որ Էջմիածնի մէջ երկրորդ կաթողիկոս մը ընտրեն 1441 թուականին: Այսպէս է, որ ունեցանք երկու կաթողիկոսութիւններ, մին` Էջմիածնի, իսկ միւսը` Կիլիկիոյ մէջ, որ Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հետ աքսորուեցաւ, գաղթականութեան ճամբան բռնեց նախ Սուրիա, ապա հաստատուեցաւ Լիբանան (Անթիլիաս):
- Երուսաղէմի պատրիարքութիւն.
Կիլիկիոյ պետականութեան տարիներուն ամբողջ տարածաշրջանին մէջ խառնակ կացութիւն կը տիրէր, ինչ որ աւելի սրեցաւ 13-14 դարերուն: Միջին Արեւելքը խաչակիրներու, մոնկոլ-թաթարներու, արաբներու եւ մեմլուքներու համար պատերազմներու բեմ դարձած էր, որմէ անմասն չէր կրնար մնալ հայկական թագաւորութիւնը, եւ որ կը մաշեցնէր զինք` սպառնալով իր գոյութեան:
Այս շրջանին, 14-րդ դարու առաջին տարիներուն, արքունիքին ու օրուան կաթողիկոսին համամտութեամբ, Սիսի մէջ գումարուեցաւ կրօնական ժողով մը, ուր որոշուեցաւ մեր եկեղեցին միացնել լատին` պապական եկեղեցիին, յուսալով, որ ատով կ՛ապահովուի Եւրոպայի նեցուկն ու երաշխաւորութիւնը` Կիլիկիոյ անվտանգութեան համար: Այդ որոշումը պառակտեց ժողովուրդը, կրօնական սուր վէճեր ստեղծեց եւ հետագայ տարիներուն պատճառ դարձաւ թագաւորութեան անկումին: Կիլիկիայէն դուրս գտնուող հայ եկեղեցականները իրենց յարաբերութիւնը խզեցին կաթողիկոսութեան հետ եւ Սարգիս անունով եպիսկոպոս մը Երուսաղէմի մէջ հիմնեց Երուսաղէմի անկախ պատրիարքութիւն` 1311-ին, որ կը շարունակուի մինչեւ հիմա: Այս պատրիարքութիւնը նուիրապետական միակ աթոռն է, որ կը գործէ կղերապետական հիմունքով:
- Պոլսոյ պատրիարքութիւն.
Կոստանդնուպոլիսը թուրքերու կողմէ գրաւուեցաւ 1453 թուականին, որուն պատճառով Եւրոպա փախան` արուեստագէտներ, գրագէտ-բանաստեղծներ, մտաւորականներ, մտածող մարդիկ եւ այլն, որոնք սկիզբը դրին Եւրոպայի վերածնունդին:
Գրաւող սուլթանը` «ֆաթիհ» (յաղթական) կոչեցեալ, Կ. Պոլիսը իր մայրաքաղաքը դարձնելէն ետք, 1461 թուականին Յովակիմ անունով Պուրսա քաղաքի հայ եպիսկոպոսը հոն հրաւիրեց եւ զայն կարգեց պատրիարք` իրեն հպատակ բոլոր հայերուն համար: Հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեամբ, սուլթանը գլխաւորաբար երեք նպատակ կը հետապնդէր.
ա. Քաջալերել հայերը, որ համախմբուին Կ. Պոլսոյ մէջ ու շէնցնեն զայն:
բ. Յոյներու պատրիարքութեան հեղինակութիւնը նուազեցնել ու հաւասարակշռել անոր ազդեցութիւնը:
գ. Իր իշխանութեան տակ գտնուող հայերը խզել Էջմիածնէն, որ այդ ժամանակ կը գտնուէր Թուրքիոյ թշնամի Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ:
Սուլթանը կը վախնար, որ պարսիկները կ՛օգտագործեն Էջմիածնի կաթողիկոսութիւնը եւ եկեղեցւոյ միջոցով հայերէ բաղկացած «5-րդ զօրասիւն» կը ստեղծեն եւ խառնակութիւններ կը յառաջացնեն իր իշխանութեան մէջ:
Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ ունեցանք Կ. Պոլսոյ պատրիարքութիւնը:
Բ) Ազգային սահմանադրութիւն.
Օսմանեան տիրապետութեան բովանդակ շրջանին, Կ. Պոլսոյ պատրիարքութեան հիմնադրումով, կայսրութեան մէջ ապրող հայերուն քաղաքացիական կեանքը վարելու իրաւունքը կը վերապահուէր եկեղեցիին` սուլթանին կողմէ հաստատուած կանոնագրութեամբ մը:
Տարիներու ընթացքին, մայրաքաղաքին մէջ հետզհետէ կը ձեւաւորուէր հարուստ ու պետական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ բարեկամական ծանօթութիւններ հաստատած հայ ամիրայական դասակարգ մը, թիւով` շուրջ 200, որ իբրեւ նորաբոյս «ազնուականութիւն»` պատրիարքներուն հետ կը ղեկավարէր հայ կեանքը: Բնականաբար այդ ամիրաները ունէին իրենց առաջնային օրակարգը, սեփական հարստութիւնն ու ծանօթութիւնները չվտանգելու կանխահոգութիւնը եւ նկատի չէին առներ հայ զանգուածներու սպասումներն ու կարիքները` անտեսելով հետզհետէ սաստկացող անոնց դժգոհութիւնները:
Ամիրաներու կամայական գործունէութեան դէմ արհեստաւոր պարզ ժողովուրդին դժգոհութիւնը կը մեծնար, պայքարի տրամադրութիւնը կը ծաւալէր յատկապէս 19-րդ դարու կէսերուն, երբ հրապարակ կու գային Եւրոպայի մէջ ուսանած եւ ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարներով ներշնչուած երիտասարդներ, որոնք իրարու կը մօտեցնէին երկու հակադիր դասակարգերը եւ ժողովրդավարական հիմքի վրայ կը պատրաստէին ազգային սահմանադրութիւն մը` 1860-ին, որ սուլթանական պետութեան կողմէ կը վաւերացուէր 1863-ի մարտի 30-ին:
Ազգային սահմանադրութիւնը իր ժողովրդավար հիմունքով դարձակէտ կը դառնար ոչ միայն ընտրովի ներկայացուցիչներով ազգային գործերը ղեկավարելու իր էութեան համար, այլ նաեւ` հայ մարդուն մօտ յանձնառութեան ու կամաւոր մասնակցութեան այնքան կարեւոր զգացումը զարգացնելու տեսակէտով, ինչ որ կեանքի չափ կարեւոր է պետականազուրկ ազգի մը համար:
«Իւրաքանչիւր ազգային պարտաւորութիւններ ունի ազգին հանդէպ եւ, փոխադարձաբար, ազգն ալ պարտաւորութիւններ ունի ազգայիններուն հանդէպ»…
Ահա հիմնական սկզբունքը, որուն վրայ կը կառուցուէին Ազգային սահմանադրութեան հրահանգները:
Ատով թրքահպատակ հայերը ձեւով մը կ՛ունենային ներքին անկախութիւն` իրենց կրօնական, ամուսնական, ժառանգական, մշակութային թէ կրթական կեանքը վարելու` համապատասխան խորհուրդներով ու մարմիններով: Մանրատիպ կառավարութեան մը աշխատանքի շրջագիծ, որմէ քաղուած փորձառութիւնը յաջողութեամբ ու արդիւնաւորութեամբ պիտի կիրարկուէր նաեւ սփիւռքեան կեանքի մէջ:
Եւ իրապէս, 1863-էն մինչեւ այսօր հայրենազուրկ հայութեան ազգային կեանքը կը ղեկավարուի միեւնոյն սահմանադրութեան օրէնքներով, անշուշտ, ըստ պահանջի, որոշ բարեփոխութիւններով: Պոլսոյ պատրիարքութեան փոխարէն` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է, որ կը ղեկավարուի եւ իր թեմերը կը ղեկավարէ Ազգային սահմանադրութեան սկզբունքներով:
Դժուար պիտի ըլլար սփիւռքը պատկերացնել այնպէս, ինչպէս որ կայ ան այսօր` առանց ազգային Սահմանադրութեան:
Իբրեւ քննելի նիւթ` ժողովականներու կողմէ առաջադրուեցան հետեւեալ հարցականները.
1) Ազգային սահմանադրութեան վաւերացման օրերուն հայ կեանքի մէջ քաղաքական կուսակցութիւններ չկային: Չունէինք նաեւ պետականութիւն: Հիմա որ ունինք, ներկայ պայմաններու մէջ Ազգային սահմանադրութիւնը կը պահէ՞ իր այժմէականութիւնը, թէ՞ ոչ:
2) Էապէս բարոյական հասկացողութեան վրայ հիմնուած կառոյց մը, այսինքն` ազգային Սահմանադրութիւնը, որուն յենարանը հաստատուած է փոխադարձ պարտաւորութեան եւ յարգանքի վրայ, կարելի՞ է համարել կենսագործ, յատկապէս` սփիւռքեան պայմաններու մէջ…
3) Ինչո՞ւ սկզբնական շրջանի Օսմանեան կայսրութեան կողմէ ցուցաբերուած որոշ բարեացակամութենէ ետք ցեղասպանութիւնը գործուեցաւ… եւ այլն, եւ այլն: Նիւթեր, որոնց մասին յառաջիկային զրուցելու առիթ ըլլայ թերեւս:
Աթէնք, 24 փետրուար 2018


