Քաթալոնիոյ կառավարութեան նախկին ղեկավար Քարլես Փուչտեմոն կիներու միջազգային օրուան առիթով հրապարակած է յայտարարութիւն մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Քոմսոմոլսքայա փրաւտա»-ն:
Փուչտեմոն նշած է, որ կիներու եւ տղամարդոց հաւասարութեան համար պայքարը դարձած է յանուն Քաթալոնիոյ անկախութեան պայքարի մեկնարկային կէտը:
Պրիւքսել գտնուող քաղաքական գործիչը հրապարակած է մանիֆեստ մը, որուն մէջ Քաթալոնիոյ անկախութեան պայքարի մեկնարկի իբրեւ հիմնական կէտը ներկայացուցած է Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի գլխաւորած սպանական կառավարութեան կողմէ կիներու իրաւունքներուն ճնշումը:
«Սպանական ղեկավարութիւնը սահմանափակած է մեր գերիշխանութիւնը, մեր յառաջընթացը եւ մեր միասնական աշխատանքը` վիճարկելով տղամարդոց եւ կիներու միջեւ իսկական իրաւահաւասարութեան մասին օրէնքը: Ես եւ իմ կողմնակիցներս երկիր կը կառուցենք յանուն իրաւահաւասարութեան», ըսուած է «Թուիթըր»-ի վրայ հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Փուչտեմոն Պելճիքա կը գտնուի` խուսափելով սպանական արդարադատութենէն: Քաթալոնիոյ մէջ անկախութեան հանրաքուէ կայացնելէ եւ անկախութիւն հռչակելէ ետք, Մատրիտ շարք մը մեղադրանքներ առաջադրած է Քաթալոնիոյ նախկին ղեկավարներուն, ներառեալ Փուչտեմոնի դէմ:



