Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Մարտ 1968)

March 10, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Խաչատուրեանի Ի Պատիւ Հաւաքոյթներ` Ամերիկայի Մէջ

«Ստեղծագործութիւնս Հայ Ժողովուրդին Կը Պատկանի»
«Վրացախօս Էի, Հայախօս Դարձայ», Ըսած Է Մեծ Երաժիշտը

Պոսթըն

Արամ Խաչատուրեանի ի պատիւ Մեծագոյն Պոսթընի հայութիւնը ճաշկերոյթ մը կազմակերպած է «Սթաթլեր-Հիլթըն» պանդոկին մէջ:

Այս առիթով Ա. Խաչատուրեան ազգասիրական խորհուրդներու քոնչերթօ մը տուած է ներկայ խանդավառ հայերուն համար:

Հայ մշակոյթի բարեկամներու ընկերութեան կողմէ բարի գալուստի խօսք ըրած է տոքթ. Շուշան, իսկ տոքթ. Գ. Չօպանեանը ուղերձով մը յիշատակած է, որ Արամ Խաչատուրեան իր երաժշտութեան միջոցով հայ տաղանդն ու ոգին կը ներկայացնէ ամբողջ մարդկութեան:

Այս առիթով Լոս Անճելըսէն եկած է, յատկապէս, Արամ Խաչատուրեանի վաղեմի բարեկամը` քանոնահար Արա Սեւանեանը, որուն նուագը անգամ մը եւս հմայած է ներկաները:

Ճաշկերոյթին ներկայ եղած է նաեւ Արսէն Ա. քհնյ. Սիմէօնեանցը նոյնպէս` վաղեմի ծանօթ մը Արամ Խաչատուրեանի, որ դպիր եղած է Մոսկուայի հայոց եկեղեցիին մէջ, տէր հօր պաշտօնավարութեան շրջանին:

Խմբավար Ռուբէն Գրիգորեանը ներկայացուցած է մեծ յօրինող Խաչատուրեանը` շեշտելով անոր երաժշտութեան ազգային աղբիւրն ու նկարագիրը:

Պոսթընի քաղաքապետը` Ք. Ուայթ, Պոսթընի խորհրդանշական նուէրը` «Փոլ Ռիվըր» արծաթէ աման մը ղրկած է տիկ. Խաչատուրեանին:

Շնորհաւորութեան հեռագիրներ ղրկած են անուանի ղեկավարներ` Էրիք Լայնստորֆ եւ Արթր Ֆիտլեր:

Արամ Խաչատուրեան շնորհակալութեան իր խօսքէն ետք ըսած է. «31-րդ օտար երկիրն է, որ կ՛այցելեմ` ղեկավարելու համար նուագախումբեր: Ստեղծագործական աշխատանքով ջանացած եմ միշտ հայութիւնը ծանօթացնել եւ սիրցնել օտար ազգերուն: Կը թելադրեմ իւրաքանչիւր հայու` նոյն ոգիով գործել»: Ապա յիշած է մեր ժողովուրդին համար հայ լեզուին կարեւորութիւնը եւ ըսած է, որ ինք վրացախօս էր թէեւ (ծնած ըլլալով Թիֆլիս), սակայն հետագային հայախօս դարձած է:

Իր խօսքի աւարտին Խաչատուրեան տպաւորիչ անկեղծութեամբ մը ըսած է. «Իմ երաժշտութիւնս հայ ժողովուրդին է, հայ ժողովուրդը ներշնչած եւ դաստիարակած է զիս»: Թելադրած է նաեւ միշտ ծանօթացնել ջանալ հայ ժողովուրդը օտարներուն` մեր բոլոր կարողութիւններով:

Ներկաները քանիցս յոտնկայս եւ խանդավառ ծափահարած են մեծ ու բացառիկ հիւրը, հայ երաժշտութեան փառքը` Արամ Խաչատուրեանը:

Նիւ Եորք

Արամ Խաչատուրեանի ի պատիւ գեղարուեստական ցերեկոյթ մը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Մեծագոյն Նիւ Եորքի «Փլազա» պանդոկին մէջ` նախաձեռնութեամբ տեղական բոլոր արուեստագէտներուն եւ մտաւորականներուն, գլխաւորութեամբ շարժանկարի հռչակաւոր ղեկավար-արտադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի:

Ցերեկոյթը բաժնուած է երեք մասի.

Ա.- Խաչատուրեան` ցուցահանդէս:
Բ.- Երաժշտական բաժին:
Գ.- Ուղերձներ:

Խօսք պիտի առնէ նաեւ Արամ Խաչատուրեան:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Ժոքոնտը Ոչ Թարթիչ, Ոչ Ալ Յօ՞նք Ունի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.