ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Լուսարձակները ձեր վրայ կեդրոնացած են: Մի՛ թերանաք ձեր գործերուն մէջ եւ պատրաստ եղէք շալկելու պատասխանատուութիւն: Կարեւոր շրջան մըն է` ձեր կարողութիւնները քննութեան ենթարկելու:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յարմար ժամանակ է քննարկելու այն հարցերը, որոնք պէտք ունին գործակցութեան: Ինքնավստահ էք եւ կարող` դիմագրաւելու դժուարութիւնները:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Հանդարտ եղէք ու խնդիրներ մի՛ յարուցէք: Յարմար ժամանակ չէ մրցակցութեան մէջ մտնելու: Յուսահատեցնող վիճակի մը մէջ պիտի յայտնուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յարմար ժամանակ է ձեռքբերում մը իրականացնելու: Ձեր վախերը մէկ կողմ դրէք ու փախուստ մի՛ տաք: Մթնոլորտը յարմար է հանդիպումներու, ծանօթութիւններու եւ սիրոյ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պատասխանատուութեամբ լեցուն շրջան մը պիտի ապրիք: Ժամանակը նեղ է եւ թոյլ չի տար ձեզի զբաղելու: Մի՛ թերանաք ձեր գործի մէջ, որպէսզի ձեզ չմեղադրեն անտարբերութեամբ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Օրէնքները մի՛ անարգէք: Տիրապետեցէք ձեր տագնապած ջիղերուն: Հանդարտեցէք, որ կարենաք մտածել տրամաբանութեամբ: Յարմար ժամանակ է հանդիպումներու եւ հաշտութեան:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ամպերը հետզհետէ պիտի հեռանան, եւ կացութիւնը պիտի բարելաւուի: Ձեր կարծիքը մի՛ արտայայտէք, այլ փնտռեցէք միջին եզրեր` ձեր եւ ձեր շրջապատին միջեւ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պիտի իմանաք նոր զարգացումներու եւ ուրախ լուրերու մասին: Նոր ծրագիրով մը պիտի հետաքրքրուիք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի, եւ պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ընտանեկան եւ աշխատանքային ձեր պարտաւորութիւնները իրար պիտի անցնին. դժուարութեան պիտի հանդիպիք վերադասաւորելու համար ատոնք: Ստիպուած պիտի ըլլաք դուք ձեզ արդարացնելու եւ լուծում գնելու ձեր վիճակին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր տրամադրութիւնները պիտի բարձրանան: Մի՛ յանձնուիք, այլ կրկին փորձեցէք: Ձեր նախասիրութիւններուն ժամանակ պիտի տրամադրէք: Դուք կարիք ունիք ուրիշներու հոգածութեան:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Այս օրերուն ընտանեկան եւ անձնական խնդիրներով պիտի զբաղիք: Թոյլ մի՛ տաք, որ ընկճեն ձեզ եւ յուսահատեցնեն: Լարուած վիճակ մը պիտի ունենաք, հանդարտեցէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի հաշտուիք, եւ հեռաւորութիւնը ձեր եւ ձեր սիրելիին միջեւ պիտիլ կրճատուի: Ուրախ պահեր կը սպասեն ձեզ: Ձեր նախասիրութիւններուն յաւելեալ ժամանակ պիտի տրամադրէք: