Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նիստին Ընթացքին. «Ապահովական Եւ Դատական Հաստատութիւններուն Աշխատանքը Կասկածի Տակ Առնելը Խոցելի Կը Դարձնէ Լիբանանեան Պետութեան Հանգամանքը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

March 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի:

Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին քննարկեց 62 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն նախարարաց խորհուրդին ներկայացուց Իրաք եւ Հայաստան կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները` նշելով, որ զոյգ այցելութիւնները յաջող կը նկատուին: Ան նշեց, որ Լիբանանի կողմէ Իրաքի վերաշինութեան մասնակցելու առիթներ կան` ընդգծելով, որ Հայաստան այցելութեան ընթացքին շօշափած է հայկական կողմին փափաքը Լիբանանի հետ երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու` տնտեսական գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ:

Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց 2018-ի պետական ամավարկի անմիջական վաւերացումին կարեւորութիւնը աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին ընթացքին կատարելու առումով բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են:

Նախագահ Աուն մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցած 111 կիներուն մեծ մասը յաջողութիւն արձանագրէ:

«Ապահովական եւ դատական հաստատութիւններուն աշխատանքը կասկածի տակ առնելը խոցելի կը դարձնէ լիբանանեան պետութեան հանգամանքը», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան կոչ ուղղեց լուծելու բնակարանային վարկերու հարցը` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն պահանջած է հանդիպումներ ունենալ դրամատուներու պատասխանատուներուն հետ եւ ամբողջական ծրագիր մը մշակել այս իմաստով:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ ելեկտրականութեան հարցին` ընդգծելով, որ երկրին մէջ ելեկտրականութեան բնագաւառին պարզած իրավիճակը անընդունելի է: Ան անհրաժեշտ նկատեց արագ քայլերով լուծել այդ տագնապը` հաստատելով, որ կառավարութեան պատասխանատուութիւնը մեծ է եւ զգայուն: «Անկարելի է արտօնել, որ այս բնագաւառին պատճառով դիզուած հսկայական պարտքերը նոյն ընթացքով շարունակուին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի յատուկ միջազգային երեք խորհրդաժողովներուն:

Ան նշեց, թէ ինք կը նախատեսէ, որ 2018-ի պետական ամավարկը շուտով վերջնականացուի, եւ ամէնէն ուշը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ կառավարութեան նիստին ներկայացուի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի նիստէն ետք յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է Տուպայի մէջ «Էքսփօ 2020» ցուցահանդէսին մասնակցիլ: Ան նշեց, թէ կառավարութիւնը արտօնած է, որ 1 մարտ 2018-էն սկսեալ մինչեւ յաջորդող չորս ամիսները հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները շնորհուին բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն:

Ռիաշի նշեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումին յատուկ նախարարական յանձնախումբը այսօր նիստ մը պիտի գումարէ` վերջնականացնելու համար ամավարկը, որմէ ետք պիտի ճշդուի կառավարութեան նիստի նոր թուական` վաւերացնելու համար պետական ամավարկը եւ զայն փոխանցելու համար խորհրդարան:

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Պաապտայէն մեկնումի պահուն նշեց, որ ուշադիր հետեւած են ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլի ներկայացուցած ելեկտրականութեան ծրագիրի ներկայացումին եւ զայն պիտի սերտեն:

Ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեանց մանրամասնութիւններուն հետեւելու արտօնութեան շնորհումը օրինազանցութիւն է` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդը միշտ կը խոստանայ այս հարցով յանձնախումբ մը կազմել եւ ամէն անգամ ալ այդ օրէնքը կը խախտէ:

Նախորդը

Ֆիլիփօ Կրանտի Նախագահ Աունի Եւ Ժըպրան Պասիլի Հետ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներուն Թղթածրարը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Նախագահող Իտալիան Կ՛ուզէ Հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Քաղաքական Եւ Բանակցային Լուծման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.