Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Նախագահեց Պետական Ամավարկի Նիստին Եւ Մաղթեց, Որ Լիբանանցի Կինը Հանրային Կեանքին Մէջ Աւելի Լուրջ Դերակատարութիւն Ստանձնէ

March 6, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց 2018-ի պետական ամավարկի քննարկման նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի եւ նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Ռաէտ Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Միշել Ֆարաոն, Այման Շքէյր եւ Ժամալ Ժարրահ, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:

Նիստէն ետք ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումի շրջագիծին մէջ, երէկ շարունակած են այլ նախարարութիւններու պիւտճէներու քննարկումը:

Ան նշեց, որ հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան պիւտճէն համախոհութեամբ կարելի եղած է որոշ չափով սեղմումի ենթարկել:

Խալիլ աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութեան պարագային դեղօրայքի եւ բուժման յատուկ պիւտճէները պահուած են ինչպէս որ են, իսկ կարգ մը այլ ծառայութիւններու պարագային` սեղմումի ենթարկուած:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ սարքեց նախաճաշ մը ի պատիւ կին պետական պաշտօնեաներուն` Մարտ 8-ին զուգադիպող Կիներու միջազգային օրուան առիթով:

Այս առիթով վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ լիբանանցի կինը հանրային կեանքին մէջ աւելի լուրջ դերակատարութիւն պէտք է ստանձնէ:

Հարիրի բացայայտեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կին թեկնածուներուն թիւը աւելի տիրական պիտի ըլլայ` աւելցնելով, որ իրենք մեծ յոյսեր ունին, որ այդ ընտրացանկերը կը յաջողին, եւ քաղաքական կեանքին ու լիբանանեան ընկերութեան զարթօնքին մէջ կիներուն դերակատարութիւնը կ՛ամրապնդուի:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Պըրրի Թրապուլսիի Հետ Քննարկեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.