Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 2, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Սաֆատի հաստատեց, որ ինք որոշած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը չառաջադրել` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն ընթացքին ինք եւ իր հետեւորդները պիտի զօրակցին Մուսթաքպալ հոսանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի մասնայատուկ ուժերու նախկին պետ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ Քեսրուանի եւ Ժիպէյլի մէջ իրենց կացութիւնը լաւ է` աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն յաջողցնելու համար իրենց մղած պայքարը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ ինք տակաւին կը սպասէ կառավարութեան յատուկ նիստի մը, որ կրթական բնագաւառի հարցերուն յատկացուի:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ թշնամին պէտք է իմանայ, թէ լիբանանցիները հզօր են այն վայրկեանէն, երբ անոնք ունեցան «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» ոսկեայ տարազը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Փենիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ ազգային շահերը կ՛ենթադրեն նաւթի թղթածրարին նկատմամբ վարուելակերպը անձնական շահերէ վեր պահել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն եւ այլ թղթածրարներու միջեւ կապերու գոյութեան մասին կատարուած մեկնաբանութիւնները կը փաստեն ոմանց սնանկութիւնը` ընտրական եւ քաղաքական առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ իրենք կը գտնուին Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու նոր փուլի մը դիմաց` աւելցնելով իրենց յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն նկատմամբ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը երեսփոխան Միշել Մըրի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու դռները տակաւին չէ փակած:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ 2018-ի պետական ամավարկի քննարկումի հիմնական խոչընդոտը ելեկտրականութեան թղթածրարն է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր խոցելի գտաւ անխոհեմ կերպով մսխող պետութեան ընթացքը` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը այս ընթացքով կ՛ուրանայ իր պատասխանատուութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր ընդգծեց, որ ոմանք սահմանադրութիւնը խախտելու գնով կը պնդեն պետական պաշտօնեաներուն միջեւ հաւասարութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նեպիլ Ժսըր հաստատեց, որ լիբանանցի քաղաքացին պէտք է լաւագոյնը եւ ամէնէն ատակը ընտրէ` լիբանանցիներուն նկատմամբ իր ծառայութիւնը կատարելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի երէկ ընդունեց Ռմէյշի քաղաքապետ Ֆատի Մախխուլը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ բարգաւաճման շարք մը հարցեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը 6 մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի, որպէսզի 7 մայիսը վերածուի երկրին կայունութիւնը հաստատելու փառաւոր օրուան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիա ներկայիս համոզուած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի գոյացուցած նախագահական համաձայնութեամբ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

 

 

Նախորդը

Գերմանիա Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Ենթարկուելու Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումին Եւ Դադրեցնելու Աֆրինի Դէմ Գործողութիւնը

Յաջորդը

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի Մէկ Անդամը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.