Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Եղբայր Ենք Մենք (Ի Յիշատակ Ընկ. Յարութիւն Հալէպլեանի)

March 2, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տարիներ առաջ, երբ տակաւին ծնողքիս հետ կը բնակէի Պէյրութ, լաւ կը յիշեմ, որ ընդհանրապէս ընտանեկան հաւաքները կ՛աւարտէին միասնական երգեցողութեամբ, շատ յաճախ` ազգային շունչով երգերով: Այս մէկը կոչէինք աւանդութիւն կամ սովորութիւն. միւենոյնն է, մեզի համար անիկա մեծ ուրախութիւն էր: Ընդհանրապէս տարիքով երէցներն էին, որ կը ղեկավարէին այդ երգեցողութիւնը, բայց կրնամ ըսել, որ տարիներու ընթացքին երգերու շարանը գրեթէ անգիր սորված էինք բոլորս: Այս բոլորը տարբեր մակարդակ կը ստանար, երբ մեծ քոյրս դաշնակով մեզի կը նուագակցէր: Ամէն մարդ դերակատարութիւն մը պէտք էր ունենար` երգելով, ծափելով կամ ալ պարելով: Անշուշտ ամօթխածութիւնը ներկայ էր միշտ, բայց կը փորձէինք զայն շրջանցել:

Մեզի համար բնական երեւոյթ էր այս ամէնը: Բառին իսկական իմաստով` խնճոյք: Յաճախ մեր դրացի արաբ բնակիչները, որոնք կը լսէին այս երգեցողութիւնը, մեծ հաճոյքով զայն կը գնահատէին` միշտ ըսելով. «Դո՛ւք` հայերդ, տարբեր էք»: Իսկապէս որ ալ տարբեր էինք. այս տիպի երեւոյթներ միայն ու միայն հայուն տունը կը պատահէին: Ընտիր ընտանեկան մաքուր մթնոլորտը միշտ տիրապետող էր այս մեր հաւաքներուն:

Տարիները անցան, շատերը արտագաղթեցին, իսկ շատ մը տարեցներ դժբախտաբար այս աշխարհէն հեռացան. մեծ ուրախութեամբ, քիչ մըն ալ տխրութեամբ կը յիշեմ անցեալին պատկանող այդ գեղեցիկ օրերը:

Այդ բոլոր երգերուն մէջ կար երգ մը, որուն բառերը դաջուած մնացին ու կը շարունակեն հնչել ականջներուս մէջ. տխուր երգ մըն էր, հաւանաբար իմաստն ալ շատ լաւ չէի հասկնար. երգին անունն էր «Ղարիպ մշեցին», ուր կ՛ըսուէր.

Ղարի՛պ աղբեր, արի՛ մեր տուն,
Բուք բորանին ո՞ւր կ՛երթաս,
Հերի՛ք այդքան թափառելով`
Սեւ տարտերըդ քամուն տաս:

Անտո՛ւն աղբեր, արի՛ մեր տուն,
Էս էլ հայի օճախ է,
Իմ պաղ ջուրս, սեւ-չոր հացս
Քեզ պէս աղբօր հալալ է:

Մշա՛կ աղբեր, արի՛ մեր տուն,
Տարտ ու ցաւդ ինձ պատմէ,
Լաց-լացի տանք էս մեծ տօնին,
Սիրտս լացի կարօտ է:

Վստահաբար հիմա շատ աւելի կը հասկնամ իմաստը այս երգին, եւ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՛ս այս երգը, որ Մեծ եղեռնի պատճառով տարագրութեան օրերուն հայ գաղթականին հոգեվիճակին մարմնացումն էր, այսօր, աւելի քան հարիւր տարի ետք, ճակատագրական այս դառն շրջանցով, ինքն իր իմաստը կ՛արդարացնէ. մեր սուրիահայ եղբայրները տեղահան եղան իրենց օճախներէն. իրենց մեծ հայրերը` հայ որբերը, քար քարի վրայ դնելով` որբանոցը դարձուցին հայաւան, գաղթակայանը հայ ամրոց` իր եկեղեցիով, դպրոցով ու ակումբով, եւ այսօր տեղահանուած ու «թափառական» են այս աշխարհին մէջ:

Պէտք է բանա՛նք մեր դռները, բանա՛նք մեր տուները, նաե՛ւ մեր սրտերը մեր հայ եղբայրներուն առջեւ: Անցեալին Լիբանան, ապա Պարսկաստան, ետքը Իրաք, այժմ` Սուրիա… կարծես թէ տարագրութիւնը բաժին մը ըլլար մեր ճակատագրին:

Մենք եղբայր ենք. այս կամ այն երկրի քաղաքացիութիւն կրելը չէ, որ մեզ իրարմէ պէտք է հեռացնէ, մէկու մը դրամական յաջողութիւն կամ ուսման մակարդակը չէ, որ պէտք է իրարմէ բաժնէ: Մենք հա՛յ ենք, մեր վէրքերը նոյնն են, ո՛ւր ալ գտնուինք. մեզ միացնողը մեր երակներուն մէջ հոսող Հայկի արիւնն է, մեր հոգիին մէջ Վարդանի հաւատքն է, եւ ամէն բանէ վեր դաւանող մեր նահատակներու յիշատակն է:

Ղարի՛պ ախպեր, արի՛ մեր տուն:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

Յաջորդը

Մայրենի Լեզուն` Նաեւ Դիմադրութեամբ

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.