Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւններն Ու Գործակցութեան Հեռանկարները` Մշակութային Եւ Տնտեսական Բնագաւառներուն Մէջ» Խորագիրով Լսարան

March 2, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

20 փետրուարին Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումը, Ռազմավարական համագործակցութեան եւ հետազօտութիւններու խորհրդատուական կեդրոնին հետ գործակցութեամբ, իր կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպեց լսարան` «Լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններն ու գործակցութեան հեռանկարները` մշակութային եւ տնտեսական բնագաւառներուն մէջ» խորագիրով:

Ներկայ էին` Լիբանանի մէջ Իրանի առեւտրական կցորդ Հուսէյն Սաժատ Նաժատ, քաղաքական խորհրդատու Իրաժ Ալահի, մշակութային խորհրդատու` Մոհամետ Մահտի Շարիհթամտար, ինչպէս նաեւ այլ դիւանագէտներ, քաղաքական գործիչներ, ակադեմականներ:

Լսարանին բացումը կատարեց Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումի Ընդհանուր քարտուղար Անթուան Գալայճեան, որ անդրադարձաւ այս նախաձեռնութեան նպատակին: Ան նախ խօսեցաւ այս համախմբումի ծննդոցին մասին` դիտել տալով, որ իրենք մեծապէս կը հաւատան, որ արդէն ժամանակը հասած է ջանքերը կրկնապատկելու` զարկ տալով երկխօսութեան եւ ամրապնդելով հասարակաց սկզբունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ բոլորին հետ հանդիպումի եւ կապ հաստատելու հարթակներ ստեղծել. ըստ անոր, նման հարթակ մը պէտք է ըլլայ կլոր, ուր ներառուած պէտք է ըլլան լիբանանեան, արտերկրի եւ միջինարեւելեան բոլոր տարրերը:

Անթուան Գալայճեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումը համոզուած է, որ արտերկրի լիբանանցիներուն եւ Լիբանանի բարեկամներուն միջեւ, որոնց հետ հասարակաց շահեր կան, յարաբերութիւններու ստեղծումը առողջ մեկնակէտ է Միջին Արեւելքի մէջ տարբեր բնագաւառներու վերաբերող կացութիւններու բարելաւման: Ըստ անոր, համախմբումը կը կեդրոնանայ Լիբանանի դերակատարութեան վրայ` իբրեւ կամուրջ քրիստոնէական ու իսլամական մշակոյթներուն միջեւ, աշխատանք տանելով, որ Լիբանանը որդեգրուի իբրեւ երկխօսութեան կեդրոն` տարբեր կրօններու եւ մշակոյթներու, եւ անիկա ՄԱԿ-ի կողմէ նկատուի «Կրօններու եւ մշակոյթներու միջազգային պաշտօնական կեդրոն»: Ան աւելցուցած է, որ այդպիսով Լիբանան աշխարհին համար կը վերածուի անհրաժեշտութեան մը եւ ոչ աշխարհագրական լոկ տարածք մը, այլ պետութիւններու նման:

Արեւելքի բազմազանութեան համախմբումի Ընդհանուր քարտուղար Անթուան Գալայճեան նաեւ շեշտեց, որ համախմբումը երկխօսութեան զարկ տուող նախաձեռնութիւն է, որ կը հաւատայ կամուրջներու ստեղծման, բոլորին հետ յարաբերութեան մշակման` իբրեւ թիրախ ունենալով կարելիութիւններ եւ առիթներ ստեղծել վերանորոգման` միացեալ շահերու, համոզումներու եւ ազգային մէկ ինքնութեան ծիրին մէջ: Ան աւելցուց, որ այս բոլորէն մեկնած համախմբումը կը կազմակերպէ լսարաններ, համագումարներ` իբրեւ երկխօսութեան եւ հանդիպումի հարթակներ:

Լսարանին ընթացքին խօսք առին` դոկտ. Քամիլ Շամուն, հետազօտող, դոկտ. Սատիք Նապլսի, դոկտ. Իսամ Խազըմ, Իրանի դեսպանատան մշակութային խորհրդատու Մոհամետ Մահտի Շարիհթամտար, «Սաժես» համալսարանի աստուածաբանութեան բաժանմունքի նախագահ դոկտ. Թանիոս վրդ. Խալիլ:

Աւարտին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ մշակութային խորհրդատու Մոհամետ Մահտի Շարիհթամտարի:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (2 Մարտ 1968)

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդին Եւ Խմբապետութեան Երկամեայ Ծրագիրի Մշակման Հանդիպում

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.