Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Փետրուար 1968)

February 27, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Յիշատակարան Րումտիկինի»

Հեղինակ` Հայկազուն Յ. Եափուճեան

Քանի մը ամիս առաջ տպարան «Ատլաս»-էն լոյս տեսաւ 300 էջնոց, ընտիր թուղթի վրայ գեղատիպ եւ պատկերազարդ «Յիշատակարան «ՐՈՒՄՏԻԿԻՆԻ» հատորը:

Հեղինակ` Հայկազուն Յ. Եափուճեան:

Հրատարակութիւն` Պէյրութի Րումտիկինի հայրենակցական միութեան:

Ձօն` «Րումտիկինի հարազաւոր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան 1915-ի չարաղէտ թուականին»:

Րումտիկին կը գտնուի Կեսարիոյ հիւսիսային կողմը, հետիոտն` ինը ժամուան հեռաւորութեան վրայ: Ղալէ բլուրին ստորոտը` այգիներով ու արտերով հարուստ գիւղ մըն է:

Դարերով շէն ու բարգաւաճ կեանք ունեցող Րումտիկինի հայութիւնը եւս զոհ գնաց 1915-ի Մեծ եղեռնին: Հրաշքով ազատած րումտիկինցիներ ներկայիս, կ՛ապրին սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Իսկ թուրք կառավարութիւնը հայութենէն զրկուած Րումտիկինը ջնջած է Թուրքիոյ քարտէսէն եւ կոչած է Ֆելահիէ:

Հայկազուն Յ. Եափուճեան, վառ պահելու համար իր հայրենի գիւղին յիշատակը,  գնահատանքի արժանի աշխատանքով մը, կարելի բոլոր միջոցներով, ջանացեր է պատկերացնել Րումտիկինի նման անծանօթ մնացած բնագաւառի մը կեանքը` տալով այս փոքր գիւղին պատմութիւնը:

Հատորը բաժնուած է երեք գլխաւոր մասերու:

Ա. ՄԱՍ.- Տեղագրութիւն, պատմութիւն եւ ազգագրական նիւթեր: 120 էջ:

Օգտագործելով հայ եւ օտար զանազան աղբիւրներ` Հայկազուն Յ. Եափուճեան լուրջ աշխատանք տարած է բաւականին յստակ ու լայն տեղեկութիւններ տալու համար Րումտիկին անունին եւ բնակչութեան ծագման, պատմական եւ յիշատակելի վայրերուն, բուսականութեան, տնային բժշկութեան, տօնական օրերուն եւ սովորութիւններուն,  զբաղում եւ արհեստներուն, զբօս ու խաղերուն, եկեղեցիին ու դպրոցին, ընկերային ու մշակութային կեանքին մասին:

Բանասիրական արժէք կը ներկայացնէ, մանաւանդ, հայախօս րումտիկինցիներու հարուստ ու իւրայատուկ բարբառին մէջ գործածուած  բառերուն այբբենական ցանկը` իրենց հոմանիշներով կամ բացատրական իմաստներով:

Բ. ՄԱՍ.- Րումտիկինի ջարդը:

110 էջերու մէջ Հայկազուն Յ. Եափուճեան ներկայացուցած է Րումտիկինի հայ իրականութեան ողբերգական վախճանը:

1913-ի աշնան րումտիկինցի հայու մը եւ թուրքի մը միջեւ տեղի կ՛ունենայ վէճ: Խնդրոյ առարկայ է հայու պատուախնդրութիւնը: Վէճը տեղի կու տայ կռիւի: Կը մասնակցին նաեւ րումտիկինցի հայ քաջարի երիտասարդներ: Ապա իրարու կը յաջորդեն ձերբակալութիւններ, բանտ, կախաղան, զէնքերու հաւաքում, սպանութիւններ, բռնութիւններ եւ, վերջապէս,  1915-ի յուլիսին տեղի կ՛ունենայ ծրագրուած ու կազմակերպուած ջարդ: Նահատակութիւնը Րումտիկինի հայութեան, յաջորդական փուլերով, այնքան տառապալից ու ա՜յնքան յուզիչ…

Առաջին առիթով, հարիւրաւոր րումտիկինցի այրեր, կապանքի տակ կը տարուին գիւղէն դուրս եւ քանի մը ժամ հեռաւորութեան վրայ բոլորն ալ, անխտիր, կը սպաննուին:

Կը յաջորդէ երկրորդ կարաւանը: Այս անգամ` րումտիկինցի երիտասարդներ, միեւնոյն բռնութեամբ ու չարչարանքներով կը տարուին գիւղէն դուրս եւ կը սպաննուին:

Կարգը կու գայ կիներուն եւ փոքրիկներուն: Ոճրածին ոստիկաններուն կ՛օգնէ թուրք խուժանը: Նախ գեղեցկուհիներու յափշտակում, բռնաբարում, կողոպուտ… ապա, աննկարագրելի վայրագութեամբ, հայուհիներու եւ անչափահասներու ջարդ:

Ականատեսներու կողմ գրի առնուած յուշեր, նօթեր, վկայութիւններ եւ հերոս րումտիկինցիներու ու յեղափոխական գործիչներու կեանքէն դրուագներ կ՛ամբողջացնեն ողբերգական պատումը Րումտիկինի ջարդին:

Գ. ՄԱՍ.- Րումտիկինցիներ` սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:

Րումտիկինի ահաւոր ջարդէն հրաշքով ազատած փոքրաթիւ այրեր, կիներ ու փոքրիկներ, նաեւ` այլ վայրերու մէջ գտնուածներ, չարչարալից կեանք մը վարելէ ետք, զինադադարին, ի վերջոյ կը հաստատուին Յունաստան, Ֆրանսա, արաբական հիւրընկալ երկիրներ` Լիբանան, Սուրիա եւ այլուր:

Ատեն մը ետք անոնցմէ մաս մը կը գաղթէ հարաւային Ամերիկա, իսկ 1946-ին, մեծ թիւով րումտիկինցիներ կը ներգաղթեն Հայաստան:

1929-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի Րումտիկինի հայրենակցական միութիւնը: Մինչեւ այսօր գոյատեւող միութեան օգտաշատ գործունէութեան տեղեկագրութիւնները, վերապրող րումտիկինցիներու հետաքրքրական վիճակագրութիւնը, տեղեկութիւններ նոր սերունդի մասին եւ այլն, կ՛ամբողջացնեն «Յիշատակարան Րումտիկինի» հատորին բովանդակութիւնը:

Այս հատորը գիտական արժէք ներկայացնող ուսումնասիրութիւն մը լոյս ընծայելու համար գրուած չէ: Ոչ ալ գրուած է գրական գործ մը ստեղծագործելու մտադրութեամբ:

Ցարդ լոյս տեսած բոլոր յուշամատեաններու նման` «Յիշատակարան Րումտիկինի» հատորին արժէքը եւս իր նպատակին մէջն է:

Հեռու` հայրենի հողէն, զուրկ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող մատենադարանային պրպտումներ կատարելու հնարաւորութիւններէն, Հայկազուն Յ. Եափուճեան իր կեանքի պայմաններու կարելիութիւններուն եւ, մանաւանդ, իր կարողութիւններու սահմանին մէջ ջանացած է կորուստէ փրկել Րումտիկինի նման գրեթէ անծանօթ մնացած եւ մոռացութեան դատապարտուած բնագաւառի մը կեանքը, անոր պատմական, տեղագրական եւ ազգագրական նիւթերը:

Հայկազուն Յ. Եափուճեան, ինքն ալ հրաշքով ազատուած մը, հայրենիքի կարօտէն մղուած, նաեւ, ընդառաջելով իր հայրենակիցներու բուռն փափաքին, խղճի պարտք մը կատարած է վերապրեցնելու համար իր հայրենակիցներու հայրենակարօտ հոգիներուն մէջ իրենց հայրենի գիւղը, մանաւանդ` իբրեւ սերունդէ սերունդ փոխանցուող մնայուն յիշատակարան մը, հայրենիք չտեսած ապրող ու գալիք սերունդներուն ծանօթացնելու համար իրենց պապենական հայրենիքը, անոր պատմութիւնը, վառ պահելու, ներշնչելու, զօրացնելու համար անոնց գոյատեւելու կամքը:

«Յիշատակարան Րումտիկինի» հատորը գաղափարական գործ մըն է, որուն համար հեղինակը` Հայկազուն Յ. Եափուճեան, արժանի է անվերապահ գնահատանքի:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մեսրոպեան Վարժարանին Մէջ Նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց Տօնը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.