Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ իրեն համար կարեւորը այն է, որ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն լիբանանցիները խորհրդարանին մէջ ներկայացուին եւ ոչ թէ լիբանանեան քաղաքական ուժերը:
Հիւսէյնի շեշտեց, որ Պաալպեք-Հերմելի մէջ ինք տակաւին չէ որոշած, եթէ թեկնածութիւն պիտի առաջադրէ, թէ այլ թեկնածուի մը պիտի զօրակցի:
Ան աւելցուց, որ ինք Լիբանանին եւ լիբանանցիին նեցուկ կը կանգնի:



