Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա Ֆերի տի Լա Փենիան, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դեսպանատան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Մարոնիներու ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Խազեն բարձր գնահատեց Իպրահիմի աշխատանքները, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն արձանագրած նուաճումները:
«Ձեր հաւասարակշռուած եւ իմաստուն աշխատանքով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կառոյցը վերածեցիք Լիբանանի փրկութեան խորհրդանիշի», ըսաւ Խազեն:



