2018 տարուան պետական ամավարկի քննարկման ու վաւերացման յանձնառութեամբ, կառավարութիւնը կը միտի գումարել արտակարգ մարաթոնային նիստեր, որոնց առաջինը կայացաւ երէկ` երկուշաթի, 19 փետրուարին, Պաապտայի պալատին մէջ, նախագահութեամբ նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներու մեծամասնութեան:
Նիստին բացումը կատարելով նախագահ Աուն թելադրեց փութացնել եւ կրկնել այս նիստերը` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ամբողջացնելու համար ամավարկի վաւերացում: Նախագահը նաեւ անհրաժեշտ ցուցմունքներն ու քայլերը թուեց արմատական լուծման յանգելու համար ելեկտրականութեան հարցին գծով: Նմանապէս, ան անհրաժեշտ նկատեց վերատեսութեան ենթարկել եւ պատշաճ դասաւորումներ կատարել կալուածներու գնման դրամատնային բնակեցման վարկերու հատուցման դիւրացման գծով:
Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի անդրադարձաւ պետական ամավարկի հարցին` յայտնելով, որ անիկա քսան առ հարիւրով պիտի նուազի` թեթեւցնելու համար պետական պարտքը: Վարչապետը անհրաժեշտ ցուցմունքներ կատարեց բարեկարգումներու գործադրութեան եւ վերջին փոթորիկին պատճառած երկրագործական, անասնաբուծական եւ յարակից նիւթական վնասներու հատուցման համար:
Ապա կառավարութիւնը քննեց պիւտճէի վաւերացման քայլերը` լսելէ ետք այս գծով ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի զեկուցումը:
Ժողովականները առ այդ յառաջացուցին վարչապետ Հարիրիի գլխաւորութեամբ սեղմ յանձնախումբ մը, որ մօտէն պիտի հետեւի ամավարկի հաշիւներու մանրամասնութիւններուն:
Այս առիթով նախարար Ալի Հասան Խալիլ լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ` յայտնելով, որ մթնոլորտը դրական էր, եւ ամավարկի նախագիծը կ՛ընդգրկէ բարեկարգչական 11 քայլեր: Արդարեւ, «կարելի չէ Փարիզի, Հռոմի կամ Պրիւքսելի համագումարի ներկայանալ առանց պետական ամավարկի վաւերացման», ընդգծեց նախարար Խալիլ` աւետելով, որ բաղդատաբար 2017-ի ամավարկին այս տարուան ամավարկը զերծ է յաւելեալ տուրքերէ:
Կը նախատեսուի, որ կառավարական թէ անոր կազմած յանձնախումբի նիստերը աւելի յաճախ կրկնուին` մօտալուտ եզրայանգումներու իրագործման առաջադրանքով:



