ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յառաջիկայ օրերը խոստմնալից են` յոյսերով, բախտերով, բարոյական ու նիւթական շահերով: Այս շրջանին ձեր փափաքները պիտի իրականանան, ու դուք բարձր դիրք պիտի նուաճէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձախողած ծրագիր մը: Չափազանցումէ ու ծայրայեղութենէ հեռու մնացէք: Ձեր աշխատանքին արդիւնքը պիտի քաղէք: Նուէր մը կամ պարգեւ մը պիտի շահիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք կամ պիտի ստանաք ձեր սպասածը: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Հարկ եղած պարագային անմիջապէս դիմեցէք բժիշկին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Այս օրերը յարմար են աշխատանքի: Աստիճանաբար ուրախ լուրեր պիտի ստանաք: Գրաւիչ եւ աչքառու կեցուածք մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Համաձայնագիր մը կամ պայմանագիր մը պիտի կնքէք մեծ աշխուժութեամբ: Պատասխանատուութիւն մը պիտի ստանձնէք եւ ծայրայեղ պիտի ըլլաք` կատարեալը փնտռելով:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Յարմար օր մըն է` խնդրելու ձեր ուզածը: Աշխուժ եւ ինքնավստահ կ՛երեւիք: Ձեր կարողութիւնները եւ ձիրքերը մէջտեղ պիտի ելլեն, եւ ձեր տեսակէտը պիտի պարտադրէք ձեր միջավայրին:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գործին մէջ պիտի յառաջանաք: Անցեալ ամիս ձեր առջեւ ցցուած պատնէշները շուտով պիտի վերանան: Ձեր ճիգերը դրական անդրադարձ պիտի ունենան, եւ դուք յաղթական դուրս պիտի գաք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ժպտէ, նոյնիսկ եթէ ցաւ զգաս: Ցոյց մի՛ տար ուրիշներուն տկար կէտերդ, որպէսզի քեզ չօգտագործեն հետագային:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Այս օրերուն ձեզի տրուած խրատը մտիկ ըրէք: Աշխատեցէք աւարտել ձեր գործերը արագ քայլերով: Նոր ձեռքբերումներ պիտի ունենաք եւ վերջ պիտի տաք ձեր ճամբան փակած խնդիրներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ընտանեկան խնդիր մը պիտի լուծէք: Ստիպուած պիտի ըլլաք ձեր մէկ պարտականութիւնը մէկ կողմ դնելու` անակնկալ պատահարի մը պատճառով: Նիւթական խնդիր մը զգուշութեամբ պիտի սերտէք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի ենթարկուիք քննադատութիւններու, որոնք պիտի նեղացնեն ձեզ: Հին հարցէ մը ելքի ճամբայ կը փնտռէք: Միտքերով խառն է ձեր գլուխը, հանգիստի պէտք ունիք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր ինքնավստահութիւնը պիտի կրկնապատկուի: Կը մերժէք ոեւէ մէկու` ձեր անունով տուած որոշումը: Ձեր հարազատները հարց մը պիտի յարուցեն: Պատրաստ եղէք:
