Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Փետրուար 1968)

February 19, 2018
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Աջի Եւ
Ձախի Պայքարը

Թուրքիոյ մէջ աջի եւ ձախի պայքարը նոր չէ: Սակայն վերջին տարուան ընթացքին աւելի սուր հանգամանք ստացած է:

Ատալեթ կուսակցութիւնը, որ 1965-էն ի վեր իշխանութեան գլուխը կը գտնուի, կը ջանայ հաւասարակշռութիւնը պահել երկու հոսանքներուն միջեւ:

Դեմոկրատներու ժառանգորդ այս կուսակցութիւնը բաժնուած է երկու թեւերու` պահպանողական (ծայրայեղ աջ) եւ չափաւոր: Այս վերջին թիւին կը պատկանի վարչապետ Սիւլէման Տեմիրել, որ կարելին կը փորձէ ճակատելու համար մէկ կողմէ իր իսկ կուսակցութեան կրօնամոլ, շերիաթճի տարրերուն, միւս կողմէ` Հալքի եւ ԹԻՓԻ (թուրք բանուորական կուսակցութիւն) ձախակողմեան, յառաջդիմական ձգտումներուն դէմ:

Երկու ծայրայեղութիւններ` աջն ու ձախը, կը փորձեն գետին շահիլ ժողովրդական զանգուածներուն մէջ:

Ատալեթ իր չափաւոր քաղաքականութեամբ աչք կը գոցէ Աթաթիւրքի կարգ մը բարենորոգումներու խախտումին` անուղղակիօրէն քաջալերելով պահպանողական տարրերը երկրին մէջ: Միւս կողմէ` Հալքի ձախ թեւն ու ԹԻՓ-ը յառաջդիմական քարոզչութիւն կը կատարեն:

Յառաջդիմասէրներու եւ յետադիմականներու խմբակներ կազմուած են նոյնիսկ համալսարաններուն մէջ: Վերջերս ծանր միջադէպեր պատահած են Պոլսոյ համալսարանի յառաջդիմասէրներուն եւ յետադիմականներուն միջեւ, ուսանողական երկու հաւաքոյթներու առթիւ: Յետադիմականները կազի ռումբեր նետեր են յառաջդիմականներուն վրայ, որոնք ատրճանակով պատասխաներ են: Այսպէս, աջի ու ձախի կռիւը ալա Թուրքա հանգամանք է ստացած, մինչեւ արիւնահեղութիւն հասնելով:

Երբ համալսարանին մէջ անգամ բոյն դրած է յետադիմութիւնը, կարելի է երեւակայել, թէ ի՛նչ փայլուն հեռանկարներ կը բացուին շերիաթճիներուն առջեւ` Անատոլուի խորերուն մէջ:

Հալքի անցեալ տարուան համագումարին մէջ յաղթանակը տարած էին նախագահ Իսմեթ Ինէօնիւ եւ ընդհանուր քարտուղար Պիւլենթ Էճեւիտ, ջատագով` յառաջդիմական գաղափարականին:

Կուսակցութիւնը պառակտեցաւ: Աջակողմեանները, փրոֆ. Թուրհան Ֆէյզիօղլուի գլխաւորութեամբ, բաժնուեցան եւ կազմեցին Կիւվեն անունով նոր կուսակցութիւն մը:

Վերջերս ծեր աղուէսը ջուր խառնեց իր բարկ գինիի մէջ` վախնալով, որ Հալքի ծայրայեղ ձախերը կրնան միանալ Թուրք բանուորական կուսակցութեան հետ եւ վտանգել վարչաձեւը: Արդարեւ, ԹԻՓ-ը «ընկերվարական»-ի պիտակին տակ համայնավարութիւն կը քարոզէ եւ հետզհետէ հող կը գտնէ աշխատաւորական շրջանակներու մէջ:

Անգործութիւնը, ապրուստի սղութիւնը, տնտեսական տագնապը եւ, ասոնց իբրեւ հետեւանք, ժողովուրդի ստուար մեծամասնութեան թշուառ վիճակը պարարտ գետին մը կը պատրաստեն համայնավարական մտայնութեան համար:

Կը թուի, թէ հասարակաց այս վտանգին առաջքն առնելու համար որոշ հասկացողութեան պիտի գան գլխաւոր երկու կուսակցութիւնները, Ատալեթն ու Հալքը: Մինչ այդ, սակայն, քաղաքական պայքարը կը շարունակուի Իսմեթ Ինէօնիւի եւ Սիւլէյման Տեմիրելի միջեւ:

«ՅԱՌԱՋ»

 

Հայոց Մեծ Թուականը

Յիսուն տարի առաջ, դարերու ստրկութենէն ետք, 1918 մայիս 28-ին ծագեցաւ Հայաստանի ազատութեան հրաշափառ արշալոյսը:

Հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ հիմնական անկիւնադարձ կազմող օր մը հանդիսացաւ մայիս 28-ը` մե՛ր նորագոյն պատմութեան ՄԵԾ թուականը:

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ եւ      ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ գաղափարը եղած է ու կը մնայ բոլոր ժողովուրդներու ամէնէն գեղեցիկ երազն ու տենչանքը, որուն իրականացման ի խնդիր` անոնք պատրաստ են տալու ամէն ինչ, որ ունին:

Հայոց դարաւոր պատմութիւնը ընթացած է ազատութեան եւ անկախութեան դրօշին տակ:

Պարտութեան խորխորատները եւ յաղթանակի բարձունքները, անբաժան մասերը կը կազմեն մեր պատմութեան հոլովոյթին:

Ոչ մէկ ուժ կրցած է հայու կուրծքէն արմատախիլ ընել ազատութեան եւ անկախութեան տենչը: Ո՛չ հալածանք ու սպառնալիք, եւ ո՛չ ալ համատարած տեղահանութիւն եւ կոտորած:

Այնքան բոցավառուած էր հայ ժողովուրդը ազատութեան եւ անկախութեան հուրով, որ զայն ի սպառ մարելու համար թուրքը ծրագրեց բնաջնջել ողջ ազգ մը` կազմակերպելով ապրիլեան Եղեռնը:

Սակայն անապատներու հրաշէջ աւազներու տակէն եւ հոյաշէն տուներու մոխիրներու մէջէն ծնունդ առաւ փիւնիկը` թռիչք գործելով դէպի Արարայի դաշտը եւ Արարատի լանջերը:

Վիրաւոր ու արիւնլուայ հայը ոտքի կեցաւ եւ իր ահարկու ձայնով պոռաց անողոք թշնամիի երեսն ի վեր`

Ես կա՛մ ու պիտի ապրիմ:

Եւ մայիս 28-ը եղաւ ապրիլ 24-ի պատասխանը:

Հիմը դրուած էր հայկական պետականութեան եւ Հայաստանի անկախութիւնը առաջին ճանչցողն էր նոյնինքն ապրիլեան Եղեռնի հեղինակ թուրքը:

Ազատութեան խորանին առջեւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին հայ ժողովուրդին բոլոր խաւերը, բոլոր կուսակցութիւնները եւ բոլոր զաւակները անխտիր: Համազգային ճիգերով կերտուեցան Սարդարապատներ, եւ ամէն մէկ հայ այս կամ այն ձեւով իր նպաստը բերաւ հայկական նոր պետութեան հիմնարկէքին:

Հայաստանի անկախութեան փառքը` մայիս 28-ը, կը պատկանի բովանդակ հայութեան, եւ այդ մեծ թուականի յիսնամեայ յոբելեանն է, որ պիտի տօնուի այս տարի:

Համազգային տօն մըն է մայիս 28-ը, եւ ամէն հայ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յոբելենական տարուան ձեռնարկներուն եւ հանդիսութեանց:

Թուական մը, որով հիմը դրուեցաւ հայկական պետականութեան, եւ որուն ծնունդն ու շարունակութիւնն է այսօրուան Հայաստանը, Մայիս 28-ի Հայաստանը:

«ԱՐՄԵՆԻԱ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Զարթօնք» Օրաթերթի 80-ամեակի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.