Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարեկան Ճաշկերոյթ` Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբին

February 17, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 16 փետրուար 2018-ին, կէսօրուան ժամը 11:30-ին, «Լա Մարինա Քլապ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթ:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Մարօ Սալխանեան, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ մարմինի անդամներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան ըսաւ, թէ «Քնար» պարախումբը արդէն իսկ իր տեղն ու դերը շատոնց հաստատած է եւ անխափան կը շարունակէ իր ընթացքը: Ան ամէն տարի լիբանանահայութեան կ՛ընծայէ մշակոյթի վայելքի պահեր` ներկայացնելով հայկական, ինչպէս նաեւ ազգերու իւրայատկութիւնը հանդիսացող պարային յայտագիրներ: «Քնար» պարախումբի գոյատեւման եւ բարգաւաճման զօրակցելու համար նորաստեղծ տիկնանց օժանդակ մարմինը երկրորդ տարին ըլլալով ժրաջան աշխատանքով կ՛օժանդակէ «Քնար» պարախումբի վարչութեան 2017-2018 տարեշրջանի գործունէութեան` ձգտելով լաւագոյնին: Իր խօսքի աւարտին Մարօ Սալխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին ձեռնարկի յաջողութեան համար:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Սալխանեան: Ան ըսաւ, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբը 65 տարեկան է: Սփիւռքի տնտեսական եւ ամէն տեսակ դժուար պայմաններուն մէջ «Քնար» պարախումբը կը ձգտի լաւագոյնին: Պարուսոյցին արհեստավարժ մօտեցումը, տղոց եւ աղջիկներուն սիրայօժար մասնակցութիւնը` իրենց առօրեայ անձնական պարտաւորութիւններուն կողքին, վարչութեան եւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին մեղուաջան աշխատանքները միասնաբար կը  յանգեցնեն միայն յաջողութեան: Ան հաստատեց, որ Համազգայինի առաքելութեան եւ յատկապէս պարարուեստի գործունէութեան հաւատացող անձնուէր անհատներու շնորհիւ է, որ պարախումբը պիտի կարենայ հարթել դժուար ուղին: «Քնար» պարախումբը իր ելոյթներուն կողքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող փառատօներուն եւ հայ թէ օտար միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ձեռնարկներուն: Իր խօսքի աւարտին Դալար Սալխանեան «Քնար» պարախումբի վարչութեան անունով մաղթեց, որ բոլորին հաւաքական ճիգով կարելի ըլլայ նորանոր յաջողութիւններու հասնիլ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Շահող թիւերը ստացան արժէքաւոր նուէրներ: Ապա տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւն: Համազգայինի «Քնար» պարախումբէն խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին հայկական պար մը:

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

 

Նախորդը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (18). «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Ծանօթացան Լուսանկարչութեան Ընդմէջէն Լուրերու Դրսեւորումին Եւ Քաղաքականութիւնը Հասկնալու Թեքնիքներուն

Յաջորդը

Բարի Լոյս 36. Մենք Լիբանանահայութիւնն Ե՛նք

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.