Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին «Վանայ Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ տարակարծութիւնները միջազգային բեմերու վրայ պէտք է լուծուին եւ ոչ թէ ուժի կիրարկումով: «Այս շրջագիծին մէջ, Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը յստակ է: Իսրայէլեան բոլոր ոտնձգութիւններուն պարագային Լիբանան կը դիմէ ՄԱԿ-ին», ըսաւ ան:
Զասիփքին ողջունեց միջազգային ընկերութիւններու, որոնց շարքին նաեւ ռուսական ընկերութեան մասնակցութիւնը լիբանանեան ջուրերուն մէջ նաւթահորերու պեղման աշխատանքին:
Ան նշեց, որ վերջին ժամանակաշրջանին Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած միջադէպերն ու տագնապները միայն տնտեսական պատճառներ չունին, այլ նաեւ քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքականութեան պատճառներ, որոնք շատ յաճախ կը դրսեւորուին պատերազմներով:
Զասիփքին յայտնեց, որ ներկայիս Իսրայէլի եւ Սուրիոյ կամ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ պատերազմը անհաւանական է` աւելցնելով սակայն, որ Իսրայէլ նեղացած է Սուրիոյ մէջ Դիմադրութեան առանցքին արձանագրած յաղթանակէն:
Այս շրջագիծին մէջ Զասիփքին հարց տուաւ, թէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն դէմ Սուրիոյ պատասխանէն ետք արդեօք իսրայէլեան մարտավարութիւնը ի՞նչ է:



