Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հարիրիի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Կրնան Ալեկոծիլ, Սակայն Անոնք Կը Մնան Հաստատ» Շեշտեց Ուալիտ Ժոմպլաթ

February 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը` ընկերակցութեամբ անոր զաւկին` Թայմուր Ժոմպլաթի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումէն առաջ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ այդ օրը կը զուգադիպի վարչապետ Ռաֆիք  Հարիրիի սպանութեան յիշատակի նախօրեակին: Ան սեւ օր նկատեց այդ արարքը խորհրդանշող օրը` աւելցնելով, որ Հարիրիի սպանութենէն ետք մեծ թիւով լրագրողներ եւ մտաւորականներ եւս նահատակուեցան:

«Միասնաբար տոկացինք եւ դիմացանք այդ օրերուն: Այսօր, երբ մտածենք մօտիկ անցեալին մասին, կը զգանք անոր սարսափազդու ըլլալու իրականութիւնը: Բայց եւ այնպէս Սաատ Հարիրիի բարձրացուցած կարգախօսը, որ կայունութիւնն է, յաղթական դուրս եկաւ եւ տապալեց մնացեալ բոլոր կարգախօսները, որոնք քաոսի եւ ապակայունութեան կ՛ակնարկէին: Հետեւաբար մենք զօրակցեցանք Հարիրիին», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ան շեշտեց, որ օր մը անպայման արդարութիւնը պիտի իրականանայ: «Հարիրիի հետ մեր յարաբերութիւնները կրնան ալեկոծիլ, սակայն անոնք կը մնան հաստատ` ազատութեան, կայունութեան եւ բազմազանութեան հողին վրայ: Եւ օր մը անպայման Լիբանան պիտի հասնի ամբողջական անկախութեան եւ ամբողջական գերիշխանութեան», ընդգծեց Ժոմպլաթ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց Իքլիմ Խարրուպէն պատուիրակութիւն մը, որ վարչապետին յանձնեց անոր հօր` Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին նկատմամբ հաւատարմութեան ջահը:

Պատուիրակութեան ներկայութեան վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ Ժոմպլաթի հետ յարաբերութիւնները պատմական են եւ անոնք պիտի շարունակուին: «Ռաֆիք Հարիրիի սկսած յարաբերութիւնը պիտի շարունակեմ Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ եղբօրս` Թայմուրի հետ», ըսաւ ան:

Հարիրի յետմիջօրէին նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին պլոքը վերահաստատեց Ռաֆիք Հարիրիի ուղեգիծին իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին իր զօրակցութիւնը:

 

Նախորդը

Պասիլ. «Ահաբեկչութիւնը Վերջ Պիտի Չգտնէ, Եթէ Տեղահանուածներու Տունդարձը Չապահովուի»

Յաջորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Յստակ Ծրագիր Մը Մշակելու` Լուծելու Համար Տեղահանուածներուն Հարցը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.