Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ Շարունակեց Լիբանանի Մէջ Իր Հանդիպումները

February 12, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերու օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ, որ աշխատանքային այցելութեամբ մը եկած էր Լիբանան, շարունակեց իշխանութեան պետերուն եւ քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումները:

Այս շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած ապահովական զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով լիբանանեան սահմանային շրջանին մէջ Իսրայէլի կողմէ քարէ պատնէշի մը կառուցումն ու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող 9-րդ նաւթահորը Իսրայէլի կը պատկանի:

Այս շրջագիծին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ այդ կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու ամերիկեան ջանքերուն: Սաթըրֆիլտ նախագահ Աունին ներկայացուց շարք մը առաջարկներ, որոնք կը միտին պահպանել սահմանային կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Սաթըրֆիլտ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կը զօրակցի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն, յատկապէս բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն: Ան բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:

Իր կարգին, նախագահ Աուն Սաթըրֆիլտին ներկայացուց Լիբանանի կառավարութեան եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին որդեգրուած լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը:

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Սաթըրֆիլտ եւ Ռիչըրտ այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, որուն հետ քննարկեցին Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ցամաքային եւ ծովային սահմաններու տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Մաշնուք ընդգծեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն եւ բնական հարստութիւններուն` նաւթին եւ բնական կազին:

Ան ըսաւ, թէ Լիբանան կը մերժէ թշնամի Իսրայէլին արտօնել, որ ան հակակշիռի տակ առնէ լիբանանեան իրաւունքները, ըլլան անոնք ցամաքային թէ ծովային:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ այդ տագնապի լուծման իմաստով ամերիկեան միջնորդութիւնը, որ Մաշնուքի կողմէ ողջունելի նկատուեցաւ:

Մաշնուք անհաւանական նկատեց, որ Իսրայէլի հետ այս տարակարծութիւնը յանգի զինուորական բախումի:

Սաթըրֆիլտ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են մասնակցելու «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որ կը միտի օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:

Զօր. Աուն Կ՛ընդունի Սաթըրֆիլտը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի սահմաններուն վրայ արձանագրուած զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը:

Զօր. Աուն անդրադարձաւ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ Իսրայէլի գործած ոտնձգութիւններուն` հաստատելով, որ Լիբանան կը մերժէ Իսրայէլի կողմէ կառուցուող սահմանային պատը:

Ժահժահի Մօտ

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Սաթըրֆիլտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պէտք է լրջօրէն նկատի ունենայ ամերիկացի պատուիրակին առաջարկները` հասնիլ կարենալու համար լաւագոյն ելքին:

Ժահժահ հաստատեց, որ Լիբանան իր ցամաքային եւ ծովային բոլոր իրաւունքներուն տէր պիտի կանգնի:

ՆՇԵՆՔ, որ Սաթըրֆիլտ այցելեց նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը` ընկերակցութեամբ Ռիչըրտի եւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի:

Սաթըրֆիլտ շեշտեց, որ Ռաֆիք Հարիրի Միացեալ Նահանգներու բարեկամ անձնաւորութիւն էր` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն կը յարգէ նահատակ վարչապետին յիշատակը: «Հարիրի անմոռանալի անձնաւորութիւն մըն է, որ իր կեանքով եւ մահուամբ ծառայեց հայրենիքին», ըսաւ Սաթըրֆիլտ:

 

Նախորդը

Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կը Ձերբակալէ Կեղծարար Մը

Յաջորդը

Նախագահ Աունի Հովանաւորութեամբ Եւ Ներկայութեամբ` Նաւթի Եւ Բնական Կազի Պեղման Ու Արտահանման Համաձայնագիրներու Ստորագրութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.