Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը 8 փետրուար 2018-ին ձերբակալած է Յ. Գ. սկզբնատառերով անձը, (լիբանանցի, 1970-ի ծնունդ):
Կատարուած նախաքննութեան լոյսին տակ ձերբակալեալը խոստովանած է, որ կեղծած է շարք մը առեւտրական ընկերութիւններու, կրօնական հաստատութիւններու եւ հայկական կուսակցութիւններու կնիքներ (որոնք գտնուած են իր ինքնաշարժին եւ տան մէջ): Ապահովական ուժերը գրաւած են նաեւ կասկածելիին մօտ գտնուած պաշտօնական փաստաթուղթեր: Ձերբակալեալը խոստովանած է, որ կնիքները կեղծած է, որպէսզի յետոյ կեղծուած փաստաթուղթեր ներկայացնէ դրամատուներու եւ հաստատութիւններու տնօրէնութիւններուն` նուիրատուութիւններ հաւաքելու համար կրօնական եւ բարեգործական հաստատութիւններու օգտին, ապա իւրացուցած է այդ գումարները:


