Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաթըրֆիլտ Կ՛այցելէ Պասիլի, Իսկ Թիլըրսըն 15 Փետրուարին Կը Հասնի Լիբանան

February 8, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ բաւարարուեցաւ ըսելով, որ Սաթըրֆիլտի հետ հանդիպումը լաւ էր եւ լուրջ:

Սաթըրֆիլտ եւ Ռիչըրտ այցելեցին նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն հետ քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, պաշտօնական աղբիւրներ հաստատեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն արաբական եւ Ծոցի երկիրներ կատարելիք իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ, 15 փետրուարին պիտի այցելէ Լիբանան:

Լիբանան այցելութեան ընթացքին Թիլըրսըն պիտի քննարկէ տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները, Լիբանանի նկատմամբ ամերիկեան դիւանագիտական եւ զինուորական հոգատարութիւնը, Սուրիոյ տագնապն ու անոր հետեւանքները Լիբանանի վրայ եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Նոյն աղբիւրները հաւանական նկատեցին, որ Սաթըրֆիլտի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակը ըլլայ Թիլըրսընի կատարելիք այցելութեան նախապատրաստութիւնը:

Թիլըրսընի Լիբանան այցելութիւնը կրնայ նաեւ կապուած ըլլալ Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ միջնորդի դերակատարութիւնը ստանձնելու հաւանականութեան` նկատի ունենալով, որ Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Եուվալ Շթայնից երէկ յայտարարած էր, թէ Լիբանանի հետ տնտեսական շրջանի սահմանագծումին մասին միջնորդութիւնը ընդունելու պատրաստ են:

Պէտք է աւելցնել, որ անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Սաթըրֆիլտ եւ Ռիչըրտ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլին յայտնած են, որ առիթը յարմար է Իսրայէլի հետ ծովային սահմաններուն շուրջ տարակարծութիւնները լուծելու:

Անոնք յայտնած են, որ այս իմաստով ամերիկեան կողմը կը սպասէ Լիբանանի պատասխանին, իսկ լիբանանեան կողմը ընդգծած է, որ Լիբանան կառչած պիտի մնայ բնական հարստութիւններու իր իրաւունքին եւ երբեք պիտի չսակարկէ անոնց գծով:

ՄԻՒՍ կողմէ, Իսրայէլ երէկ կէսօրէ ետք պաշտօնապէս սկսաւ սահմանային պատը կառուցել Կապոյտ գիծին վրայ:

Այս մասին Լիբանան իր մերժումը յայտնած է` նկատի ունենալով, որ այդ պատին կառուցումը պիտի երկարի դէպի տարբեր շրջաններ, որոնցմէ 13-ին շուրջ անհամաձայնութիւն գոյութիւն ունի:

Անոնք են` Ռաս Նաքուրա, Ալմա Շաապ, Պուսթան, Մըրուահին, Ռըմէյշ, Եարուն, Մարուն Ռաս, Պլիտա, Մայս էլ Ժապալ, Ատայսէ, Քֆարքիլա, Ուազզանի, բռնագրաւուած Մազարեհ Շեպաան եւ Ղաժար գիւղաքաղաքը, ուր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջուն ջոկատները հսկողութիւնը խստացուցած են` սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու նպատակով:

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Ողջունեց Իշխանութեան Երեք Պետերուն Պաապտայի Հանդիպումը

Յաջորդը

«Իսրայէլեան Սպառնալիքներուն Դէմ Լիբանանեան Կեցուածքը Միասնական Է» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.