Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ կոչ ուղղած է` դադրեցնելու Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութիւնը եւ յարգելու Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
Ռուհանի յայտնած է, որ իրենք կը քննադատեն նաեւ Միացեալ Նահանգները եւ դէմ են Սուրիոյ տարածքին ամերիկացի զինուորներու ներկայութեան:
Իրանի նախագահը յայտնած է, որ վերջերս հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ իրենք մօտիկ ապագային Սուրիոյ հարցով Իրան-Ռուսիա-Թուրքիա եռակողմ հանդիպում կատարելու համաձայնութիւն ունին:
Ռուհանի նաեւ նշած է, որ իրենք հրաշալի յարաբերութիւններ ունին Մոսկուայի ու Անգարայի հետ եւ կրնան յաջողութեամբ գործակցիլ սուրիական տագնապի հարցին մէջ:
Նշենք, որ Քրեմլին երէկ չբացառեց Սուրիոյ թղթածրարի քննարկման համար Ռուսիա – Թուրքիա – Իրան մօտալուտ վեհաժողով մը:
Մոկերինի. «Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգ Է
Սուրիոյ Հիւսիսը Թուրքիոյ Գործողութեամբ»
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ շղթայազերծած զինուորական գործողութեամբ:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք Սուրիոյ հիւսիսը նոր ռազմաճակատներու յայտնուելուն կապակցութեամբ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Նոր ռազմաճակատներու բացումը խնդիրի լուծումը չէ, եւ ատիկա աւելի անվտանգ պիտի չդարձնէ Թուրքիան: Կայուն անվտանգութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ միայն քաղաքական լուծման հիման վրայ` բանակցութիւններու ճամբով»:
Մոկերինի համոզուած է, որ «բոլոր զինուորական գործողութիւնները պէտք է կեդրոնանան ՄԱԿ-ի համապատասխան ցուցակին մէջ ներառուած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարին վրայ, եւ ոչ թէ ուրիշ ոեւէ մէկուն դէմ»: Մոկերինիի համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը «յանձնառու է Սուրիոյ միութեան, գերիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Օպաման մեզ խաբեց Մընպեժի հարցով, եւ ինչպէս կ՛երեւի` Թրամփն ալ բռնած է նոյն ճամբան:



