Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը կազմակերպեց 2018 թուականի իր երկրորդ ախոյեանութիւնը` Ժամհուր վարժարանին մէջ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 200 երկսեռ մասնակցողներ:
Անկախ արձանագրուած արդիւնքներէն, կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ տեղի ունեցած մրցումներուն իրաւարարներուն կարգին էին երեք հայեր` Աւետիս Սերոբեան, Յակոբ Գայապալեան եւ Վիգէն Տեմիրճեան:
Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին անդամներէն բացի, այս ախոյեանութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Չինաստանի դեսպանատան մշակութային կցորդ Չեն Զհոնկլի:
Ան գովասանքով արտայայտուեցաւ Աւետիս Սերոբեանի եւ անոր օգնականներուն մասին` նշելով, որ անոնք իրենց տիրական ներկայութեամբ եկան փաստելու, որ կը մնան արդար անխտիր բոլորին նկատմամբ:
Նորանոր նուաճումներ եւ յառաջխաղացք կը մաղթենք մեր երեք հայ իրաւարարներուն` յառաջիկային տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն կամ մրցաշարքերուն ընթացքին:



