Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նիստ. «Մեր Ազգային Միասնականութիւնը Երկիրը Պաշտպանող Հաստատուն Ամրոցն Է» Շեշտեց Ժրայսաթի

February 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռապիէի մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին:

Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Մար Մըխայելի համաձայնագիրի ստորագրութեան 12-ամեակին առիթով կը վերահաստատենք անոր խոր հիմերը, որոնց վրայ կարելի է կերտել արդար եւ հզօր պետութիւնը: «Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխըմբռնումի համաձայնագիրին ստորագրութեան առիթով կը հաստատենք, որ այդ համաձայնագիրին ռազմավարական կարեւորութեան նկատմամբ համոզումը օրըստօրէ կ՛ամրապնդուի», ըսաւ ան:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ նման համաձայնագիրներ անձնական շահերու հիման վրայ չեն ստորագրուիր եւ ոչ ալ պատեհապաշտութեան արդիւնք են, այլ` հիմնուած են ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ զայն ամրապնդելու համոզումին վրայ:

Ժրայսաթի շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը երկիրը պաշտպանող հաստատուն ամրոց մըն է, իսկ բանակը` պետութեան ողնաշարը:

Նշենք, որ այս առիթով Պասիլ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ պէտք է Մար Մըխայելի համաձայնագիրին վրայ հիմնուիլ` կերտելու համար արդար եւ հզօր պետութիւն մը: Ան նշեց, որ այս համաձայնագիրը կը հզօրացնէ եւ կը պաշտպանէ Լիբանանը` իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական ահաբեկչութենէն, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ ներքին բոլոր սադրանքները:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա իր կարգին հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ այդ համաձայնագիրը ստորագրուած է գոյատեւելու համար: Ան աւելցուց, որ այդ համաձայնագիրը պիտի շարունակէ գոյատեւել` պայքարելով Իսրայէլի, ահաբեկչութեան, փտածութեան եւ փտածներուն դէմ:

Համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ յայտնեց, որ փոխըմբռնումի համաձայնագիրը կրցաւ գոյատեւել եւ տոկալ, որովհետեւ անձնական նեղլիկ շահերու վրայ չէ հիմնուած:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղեկալ շէյխ Նայիմ Քասեմ ընդգծեց, որ Մար Մըխայելի համաձայնագիրը ապագայի կերտման տեսլականով ստորագրուած է եւ անիկա ռազմավարական համաձայնագիր մըն է, որ անձնական շահերու հետ բնաւ կապ չունի, այլ` կը միտի ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել:

Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան համաձայնութիւնը ոչ մէկ ձեւով ազդուած է: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այդ համաձայնագիրը ստորագրելով երկու ուժերուն միջեւ յարաբերութիւնները բարձր մակարդակներու հասցուցած են` աւելցնելով, որ այդ համաձայնագիրը պիտի շարունակէ տոկալ:

 

Նախորդը

Հարիրի Ընդունեց Սաթըրֆիլտն Ու Քուելըրը, Ինչպէս Նաեւ Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Յաջորդը

«Քաղաքական Խոչընդոտներ Կ՛արգիլէին Ծրագիրներուն Գործադրութիւնը, Իսկ Ներկայիս Կացութիւնը Աւելի Լաւ Է` Հակառակ Դժուարութիւններուն» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.