Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Ֆուշէի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Սպառնալիքները

February 7, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ Սարրաֆին յանձնեց Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Պարլիի կողմէ 26 փետրուարին Փարիզ այցելութեան հրաւէր մը, որուն ընթացքին նախապատրաստական աշխատանքները պիտի կատարուին «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին, որուն նպատակն է օժանդակել լիբանանեան բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն:

Սարրաֆ խոստացաւ ընդառաջել հրաւէրին:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի նաւթային իրաւունքներուն տիրանալու Իսրայէլի փորձերը:

Այս շրջագիծին մէջ Սարրաֆ լուսարձակի տակ առաւ Իսրայէլի կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ քարէ պատնէշ մը կառուցելու աշխատանքը` հաստատելով, որ Լիբանան կը մերժէ այդ պատին կառուցումը:

Սարրաֆ անդրադարձաւ նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուող ոտնձգութիւններուն եւ դատապարտեց զանոնք: «Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բոլոր սպառնալիքները մերժելի են», հաստատեց ան:

Սարրաֆ եւ Ֆուշէ քննարկեցին նաեւ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ երկկողմանի զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ կառավարութիւնը յայտնեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պարտականութիւն տուած է Լիբանանի հետ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու` փոխանակել կարենալու համար զինուորական տեղեկութիւնները, ինչպէս նաեւ ամրապնդելու ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին առումով փոխադարձ գործակցութիւնը:

Ռուսիոյ կառավարութիւնը նկատել տուաւ, որ Լիբանանի հետ զինուորական գործակցութիւնը պիտի ունենայ ամուր հիմեր:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարիրի Ընդունեց Սաթըրֆիլտն Ու Քուելըրը, Ինչպէս Նաեւ Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.