
Երէկ կէսօրին Ռաս Նաքուրայի մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի անուղղակի հանդիպում մը` հովանաւորութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ին:
Քննարկուեցան լիբանանեան եւ բռնագրաւուած պաղեստինեան հողերուն վրայ Իսրայէլի կառուցած պատին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ միշտ գործուող իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: