ԱՊՏԵԼ Նասեր Մասրի եւ Ֆուատ Մախզումի իրենց թեկնածութիւնը առաջադրեցին 6 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Նշենք, որ թեկնածութիւններ առաջադրելու պաշտօնական ժամանակամիջոցը սկսաւ երէկ եւ կ՛երկարի մինչեւ 6 մարտ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ջանքերով եւ նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դրական վարուելակերպով, կարելի եղաւ չէզոքացնել լիբանանցիներուն մտահոգութիւն պատճառող լարուածութիւնը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնը բարեկարգումի կարիք ունի: Ան շեշտեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է ըլլան անկախ, պարկեշտ եւ աշխատունակ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք կը սպասեն ներքին գործիքակազմի մը` յստակացնելու համար ընտրացանկերը: Ան աւելցուց, որ տակաւին կանուխ է թեկնածուներու առաջադրումին համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա հաստատեց, որ իրենք կը սպասեն, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ լիբանանցիներէն ներում հայցէ:


