Գրական Առօրեան
Հրանդ Մաթեւոսեան
Նոր Պէյրութ հասաւ Հրանդ Մաթեւոսեանի գործը` «Օգոստոս» խորագրով:
Հրանդ Մաթեւոսեանին անծանօթ չէ գրականութեան հետաքրքիր Պէյրութի մեր հասարակութիւնը: Կը ճանչնայ անոր «Ահնիձոր»-ը, առնուազ ծանօթ է «Ահնիձոր»-ի մասին տուած Բ. Փափազեանի դասախօսութեան, որ կրկնուեցաւ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ունկնդրուեցաւ մեծ հետաքրքրութեամբ:
Հայաստանի գրականութեան մէջ վերջին տասնամեակին յայտնուած արձակագիրներէն է Հրանդ Մաթեւոսեան ու մեծ յոյսեր կապուած են իրեն, ինչպէս կապուած են այդ յոյսերը տարիքով իրմէ քիչ մը մեծ եւ քիչ մը պզտիկ ուրիշ նորերու Ռաֆայէլ Արամեանին, Բաղիշ Յովսէփեանին, Մկրտիչ Սարգսեանին, Վարդգէս Պետրոսեանին, Ադալեանին, Մելքոնեանին:
Անկախաբար այն իրողութենէն, որ Հայաստանի ստեղծագործական մթնոլորտը համեմատաբար աւելի բարենպաստ է հիմա, յիշեալ երիտասարդները ունին ուրիշ առաւելութիւն մը իրենց շրջապատին վրայ. արուեստի առողջ հասկացողութիւն ունին, բծախնդիր են, քիչ կը գրեն, շատ կը մշակեն իրենց գրածը, ոճի մը հետամուտ են եւ ոճ ունին:
Հրանդ Մաթեւոսեան, ինք ալ Երեւան կ՛ապրի, բայց քաղաքը չէ զինք սնուցանողը, իր բոլոր էջերը լեցուած են գիւղով, Հայաստանի հին ու հեռու հեռաւոր գիւղերու ուրոյն կեանքով, իսկապէս ինքնուրոյն կենցաղով, զգայնութիւններով, հազարամեայ փիլիսոփայութեամբ: «Ահնիձոր» է իր գրականութիւնը, ուրիշ ձորեր, ձորերու մէջ մարդիկ, մարդոց հետ «Շները», «Արջը», «Նժոյգս», մեղուն, ոչխարը, եզը, միով բանիւ` Հրանդ Մաթէոսեանի հետ միշտ «Մենք ենք, մեր սարերը»:
Մեր արտագրած կտորը առնուած է այս վերջին խորագիրը կրող ընդարձակ բաժնէն: Անտառամէջ գիւղի մարդերն են հերոսները, հովիւներ, որոնցմէ մէկուն ոչխարներէն չորսը գողցած, մորթած, կերած են: Ամբողջ պատմութիւնը հիւսուած է այս դէպքին շուրջ: Գողութիւնը պատճառ դարձած է, որ քաղաքը իր օրէնքներով, օրէնքը կիրարկող անձնակազմով` միլիցիայով, սերժանթով, քննիչ լէյթինանթով մտնէ գիւղ: Հետապնդում, հարցաքննութիւն: Հարցաքննութեան ընթացքին կը պարզուի, որ գողերն ու գողօնին տէրը դատ չունին իրարու հետ, շատ ծանօթ են իրարու, խնամիներ են, բարեկամներ, բայց քննիչ լէյթինանթը իրեն եղած հրահանգին պատճառով «պետական հարց»-ի մը վերածած է գողութեան այս արարքը եւ յետին մանրամասնութիւններով առաջ կը տանի իր գործը: Հոս է, որ տեղի կ՛ունենայ բախում, երեւան կու գան կեանքի տարբեր ըմբռնումները, պաշտօնեային ու կեանքը իր պարզութեամբ ապրող, մեր սարերուն վրայ ապրող մարդոց ողջ հոգեբանութիւնը:
«Ախր, շատ ես երկար կապում, է՜, ընկե՞ր լէյթինանթ: Մորթել կերել ենք, վերջացաւ գնաց. էն մարդը մեզի գանգատ չունի, մենք` իրենից: Տարիքդ առած տղամարդ ես, ընկնում ես երեխայ բաների յետեւից»:
Լէյթինանթը շատ երջանիկ մարդ մը չէ անշուշտ: Իր ընթացքը պաշտօն է պարզապէս, պաշտօնի բերում: Ատելութիւն ունի քաղաքին ու քաղաքային իր պաշտօնին հանդէպ: Աւելի կը սիրէ «մեր սարերը», սարերու կեանքը, մարդերը.
«Թո՜ւ, կեղտոտ, քաղաքում, գործարանի ծխի տակ, թութունը բերանիդ… թո՜ւ… Ուրիշը ոչխար ուտի` դու գնայ ստուգելու, թէ ոչխարը քանի՞ տարեկան է եղել, քանի՞ հոգով են կերել, առաջին կտորն ո՞վ է կերել… Դժոխքը` թէ չեն կերել, իրենք պահել են` իրենք կերել, դո՞ւ այստեղ ինչացու ես…»:
Ի հարկէ, այս պզտիկ նշմարին մէջ կարելի չէ ամբողջ գործը ներկայացնել, չափել անոր խորքը, կշռել գրական արժէքը: Պիտի չվարանէինք սակայն ըսել, որ Հրանդ Մաթեւոսեան «Մենք ենք, մեր սարերը» կտորով տուած է ամբողջ գիւղ մը, ամբողջ շրջան մը` իր տիպարներով, սեփական կեանք մը ապրելու խոր հոգեբանութեամբ, բնականութեամբ:
Հրանդ Մաթեւոսեան սկսաւ ու կը շարունակէ ընթանալ գրականութեան ապահով ճամբէն: Վարպետի մը չի հետեւիր, գրական դպրոցի մը չի հետեւիր, գրական դպրոցի մը ցուցմունքներով չի շարժեր իր գրիչը: Խառնուածքային նախասիրութեամբ մը իր ատաղձը կ՛առնէ իր միջավայրէն, անմիջական կեանքէն, կը հերոսացնէ պարզ, խոնարհ, ապրող մարդերը, ընդհանրապէս Հայաստանի խուլ մէկ անկիւնը ինկած գիւղացիները, որոնց անհորիզոն մարդեր չեն յամենայն դէպս, դասական գիւղացիները չեն, ելած են իրենց գիւղերէն, տեսած են աշխարհը, աշխարհը մտած է իրենց սահմաններէն ներս, վեր նայած են ու տեսած` դէպի աստղերը շուռ եկող օդաչուները բայց կը նախընտրեն ապրիլ «մեր սարերը», կ՛ուզեն լսել հողին տնքոցը, նեկտարածաղիկին բոյրը, արջուն հետ ըլլալ, եզան հետ ըլլալ, առանց որոնց, ըստ իրենց ու ըստ ամենայնի, աշխարհը կ՛ըլլար «մի անհամ, անհա՜մ, անվերջ անհամ աշխարհ»:
Պ. Ս.
