Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վտանգուած Կղզին

February 3, 2018
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Նապիլա կ՛ապրի Ինտոնեզիոյ փոքրիկ կղզիներէն մէկուն վրայ: Կլիմայի տաքնալուն պատճառով ծովը կը բարձրանայ, եւ անոր կղզին կրնայ օր մը ջուրին տակ անհետանալ:

Նապիլա դպրոց կ՛երթայ երկուշաբթիէն շաբաթ, առտուան ժամը եօթէն կէսօրէ ետք ժամը մէկ: Միջնակարգ դասարանները աւարտելէ ետք մեծ թիւով տղաք ձկնորս կը դառնան, մինչ աղջիկները կը մնան տունը, որովհետեւ գիշերօթիկ դպրոցը շատ հեռու է, ուրիշ կղզիի մը վրայ: Սակայն Նապիլա կ՛ուզէ հետագային համալսարան յաճախել իր մեծ եղբօր նման:

***

Երբ Նապիլա դպրոցէն կը վերադառնայ, իր փոքրիկ խանութը կը շտկէ իր տան առջեւ` քիչ մը դրամ շահելու համար: Ան կը ծախէ պոնպոններ, պզտիկներու հագուստներ եւ խաղալիքներ: Գետնայարկին վրայ անոր մայրը կը ծախէ կղզիին վրայ ապրելու համար անհրաժեշտ տեսակաւոր ապրանքներ, բանջարեղէններ, բրինձ, գամեր, պարան…

***

Նապիլայենց տունը ծորակէն հոսող ջուր չկայ: Խմելու ջուրը նաւակով կը բերուի: Հետեւաբար անոնք, որքան կրնան, ծովու ջուրը կը գործածեն լուացուելու համար, բաղնիքը թափելու… Անոնք ելեկտրականութիւն ալ չունին: Երբ Նապիլա կ՛ուզէ իր դասերը սորվիլ իրիկունը, կը գործածէ քարիւղով լապտեր մը:

***

Կղզին շատ փոքր է եւ ցած: Անոր տարածութիւնը հաւասար է երկու ֆութպոլի դաշտերու: Ան նոյն ատեն շատ ցած է: Տուները ծովու մակերեսէն միայն 1 կամ 2 մեթր բարձր կը գտնուին: Երկրագունդին ընդհանուր կլիմային տաքնալուն պատճառով կարգ մը անձեր կը մտածեն, որ ովկիանոսին մակերեսը կրնայ 1 մեթր բարձրանալ մինչեւ 2100 թուականը: Այդ ժամանակ կղզին ամբողջովին պիտի կորսուի ջուրին տակ: Կղզիին բնակիչները երբեմն կը մտածեն այս կարելիութեան մասին, սակայն չեն գիտեր` ի՛նչ ընել այլ վիճակը փոխելու համար…

Ձեռային Աշխատանք

Փո-Փոնկ Խաղանք

Փո-փոնկը հմտութեան շատ աղուոր խաղ մըն է: Այս խաղով դուն կրնաս հակազդեցութիւններդ փորձի ենթարկել` ընկերներուդ հետ լաւ ժամանակներ անցընելով:

Պէտք ունիս

2 հաստ խաւաքարտէ գաւաթներու, 2 փուչիկի, մկրատի, քաթըրի մը (որ պիտի գործածես չափահասի մը օգնութեամբ), փինկ-փոնկի գնդակի մը:

Պատրաստութիւն

1.- Չափահասէ մը խնդրէ, որ գաւաթներուն խորքը կտրէ քաթըրով: Մկրատով մը փուչիկները կտրէ մէջտեղէն:
2.- Իւրաքանչիւր փուչիկ ձեռքերովդ բաց եւ զայն անցուր գաւաթին լայն բերանին վրայ: Փուչիկին պոչը հանգոյց մը ըրէ:

Խաղա՛նք

1.- Իւրաքանչիւր խաղցող իր կարգին իր գաւաթին մէջի փինկ-փոնկի գնդակը կ՛արձակէ փուչիկին պոչը քաշելով եւ ապա զայն ձգելով:
2.- Երբ խաղցող մը կարենայ գնդակը իր գաւաթով բռնել մէկ կէտ կը շահի… Առաջին խաղցողը, որ 15 կէտ կ՛արձանագրէ, կը յաղթէ:

 

Ամէնէն Բարձր Գագա՞թը

Էվերեսթը իր 8848 մեթր բարձրութեամբ աշխարհի ամէնէն բարձր գագաթն է: Սակայն Էքուաթորի մէջ Շիմպորազոյի գագաթը, որ կը հասնի 6323 մեթրի, երկրագունդի կեդրոնէն ամէնէն հեռու կէտն է, պարզապէս որովհետեւ մեր մոլորակը կլոր չէ, եւ Շիմպորազոն կը գտնուի հոն, ուր ան ամէնէն ցցունն է:

Հոտառութեան Ժամերը

Ըստ 40 պատանիներու վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան մը, օրուան ընթացքին անոնց հոտառութիւնը ամէնէն զգայունը կ՛ըլլայ իրիկունը: Առտուան ժամը 6-էն 10-ի միջեւ հոտառութիւնը նուազագոյնի կ՛իջնէ:

Կեանք Տուող Հրաբուխը

Երբ Թակորօ ընդծովեայ հրաբուխը գետնին տակէն բարձրացաւ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ, Քանարեաս կղզիներուն մօտ, ան ամէն ինչ փճացուց իր շուրջ…

Սակայն նոյն ատեն ան բացատայայտեց նաեւ կեանքի նոր ձեւ մը «Արուսեակի մազեր»  անուանուած ճերմակ եւ մազոտ մանրէներու խումբեր:

Թիւեր

Սապատաւոր կէտը տարեկան 25 հազար քմ կը կտրէ ամառը զով շրջաններու մէջ անցընելու համար իսկ ձմեռը` տաքուկ շրջաններու:

Պաշտօնեաներուն
Հանգստութեան Համար

Իր պաշտօնեաներուն հանգիստին համար ճափոնական հաստատութիւն մը յղացած է իւրայատուկ գաղափար մը: Ան գրասենեակ բերած է կատուներ: Ըստ ուսումնասիրութիւններուն, անոնց մռմռոցը սթրեսի դէմ շատ ազդու է:

Այս ձեւով ինը կատուներ ազատօրէն կը պտտին գրասենեակներուն միջեւ, կը ցատկեն պաշտօնեաներուն գիրկը, կը խաղան համակարգիչներուն ստեղնաշարերով, իրենց ուզած ատեն կ՛ուտեն, կը քնանան…

 Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել կախարդական գաւազանին հասցնող ճամբան:

 

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Փետրուար 1968)

Յաջորդը

Նոր Կենսագրականին Մէջ Ոչ Թէ Թրամփ, Այլ Քըրք Քըրքորեանը Ներկայացուած Է Իբրեւ «Ամէնէն Մեծ Գործարար»

RelatedPosts

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ
Մանկապատանեկան

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

September 12, 2026
Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան
Մանկապատանեկան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

September 5, 2026
Ի՞նչ Է Կրակը
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Է Կրակը

August 22, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.