Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի Լիբանանեան Եւ Շրջանային Իրադարձութիւնները Քննարկեց Էրտողանի Եւ Եըլտըրըմի Հետ

February 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Եըլտըրըմի Մօտ

Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանին դիմագրաւած իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Եըլտըրըմ ընդգծեց Լիբանանի կողմէ չէզոք քաղաքականութեան գործադրութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ նկատի ունենալով Լիբանանի բարօրութեան կարեւորութիւնը եւ կայունութեան պահպանումը, թրքական կառավարութիւնը պիտի ամրապնդէ իր գործակցութիւնը Լիբանանի հետ, ինչպէս նաեւ պիտի բարելաւէ լիբանանեան ենթակառոյցները:

Եըլտըրըմ շեշտեց, որ Թուրքիա պիտի մասնակցի Լիբանանի օժանդակութեան «Հռոմ 2»-ի եւ «Փարիզ»-ի միջազգային խորհրդաժողովներուն` իր ներդրումը ունենալով անոնց արդիւնաւէտ ըլլալուն մէջ:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները աւելի եւս պիտի բարելաւուին ու ամրապնդուին, յատկապէս տնտեսական եւ ապահովական մարզերուն մէջ:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Թուրքիա կ՛ազդուի Սուրիոյ տագնապին եւ մանաւանդ Թուրքիա հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հետեւանքներէն` աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները տեղահանուածներուն ամէն տեսակի օժանդակութիւն եւ հոգատարութիւն կը տրամադրեն` առանց ակնկալելու, որ միջազգային ընտանիքը բաւարար օժանդակութիւն կատարէ:

Եըլտըրըմ յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի ներկայացուցած է Աֆրինի մէջ թրքական ուժերուն յայտարարած գործողութեան մանրամասնութիւնները` աւելցնելով, որ այդ գործողութեան նպատակն է ջնջել ահաբեկչութիւնը եւ միացնել Սուրիան, ինչպէս նաեւ վերջ տալ թրքական հողերուն դէմ գործուած բռնարարքներուն եւ յարձակումներուն:

«Մեր նպատակն է անարդարութեան վերջ տալ եւ այս պատճառով է, որ կը պայքարինք Թուրքիոյ դէմ գործողութիւններ կատարող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Երուսաղէմի մասին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կատարած յայտարարութեան` Թուրքիոյ վարչապետը շեշտեց, որ այդ յայտարարութիւնը աղմուկ բարձրացուցած է աշխարհին մէջ եւ Էրտողան անմիջապէս արտակարգ վեհաժողովի մը հրաւիրած է, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ արտասանած տպաւորիչ խօսք մը:

Եըլտըրըմ աւելցուց, որ Պոլսոյ մէջ գումարուած այդ վեհաժողովին մերժուած է Թրամփի ինքնագլուխ որոշումը` ընդգծելով, որ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներուն դիմաց առիթ մը կայ այդ որոշումը յետս կոչելու:

Եըլտըրըմ իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը շատ կարեւոր է Թուրքիոյ համար, որ միշտ պիտի զօրակցի Պէյրութի` ամրապնդելով երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շարունակելով փոխադարձ խորհրդակցութիւնները:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի ըսաւ, թէ Լիբանան համաձայն է թրքական այն տեսակէտին, որ կը մերժէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատել:

Հարիրի նշեց, որ ինք Եըլտըրըմի հետ քննարկած է լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց թրքական իշխանութիւններուն` Սայտայի պայթումին մեղսակից յանցագործը լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն յանձնելու առումով:

«Այս շրջագիծին մէջ թուրք պաշտօնակիցիս ներկայացուցի լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն օժանդակելու նպատակով տեղի ունենալիք «Հռոմ 2» եւ «Փարիզ» խորհրդաժողովներուն մանրամասնութիւնները եւ խնդրեցի Թուրքիոյ մասնակցութիւնը այդ խորհրդաժողովներուն», ըսաւ Հարիրի:

Ան շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են նաեւ Սուրիոյ տագնապն ու սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները:

Ան հաստատեց, որ Սուրիոյ տագնապը կարելի է լուծել միայն քաղաքական միջոցով, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել սուրիացի ժողովուրդին իրաւունքները, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը Սուրիա:

 

 

Նախորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում . «Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք» Կը Հաստատէ Պըրրի

Յաջորդը

Իսրայէլ Կը Փորձէ Իւրացնել Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող 9-րդ Նաւթահորը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.