Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կուսակցութեան Միրնա Շալուհիի կեդրոնին մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը քննարկած է երկրին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս այն դէպքերը, որոնք պատահած են նախարար Պասիլի սպրդեցուած յայտարարութեան եւ անոր դէմ արձանագրուած պատասխաններուն պատճառով:
Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը որոշած է լիբանանցիներուն, յատկապէս անոնց, որոնք նախանձախնդիր են լիբանանեան պետութեան հիմնումին եւ Լիբանանի կայունութեան, ուղղել պատգամ մը, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յանձնառու է երկրին ապահովական կայունութեան եւ պիտի շարունակէ պետականաշինութեան իր ընթացքը:
«Երկրին կայունութիւնն ու պետութեան կերտումը զուգահեռ կ՛ընթանան եւ կարելի չէ անոնցմէ որեւէ մէկէն հրաժարիլ կամ զիջիլ: Մենք պիտի շարունակենք երկրին իշխանութեան իսկական գործակիցները ըլլալ եւ մեր իրաւունքներուն վերատիրանալ, եւ ինչ ալ ըլլան խոչընդոտները կամ մեր ուղին արգելակողները, կանգ պիտի չառնենք, ընդհակառակն` յաւելեալ կամքով եւ նուիրումով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքը` իրականացնելու համար այն նպատակները, որոնց համար տասնամեակներ շարունակ պայքարած ենք», ըսաւ Քանաան:
Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդական թեւին կ՛ուզէ ըսել, որ անոնց պայքարն ու զոհողութիւնները ի դերեւ չեն ելած` աւելցնելով, որ ժամանակն է բարեկարգումի, որ իշխանութեան մէջ պիտի կատարուի օրինական կերպով եւ սահմանադրութեան վրայ հիմնուելով: «Իսկ այդ բարեկարգումին հովանաւորը պիտի ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Այս շրջագիծին մէջ կը հաստատենք, որ նախորդ երկու օրերուն ընթացքին նախարար Պասիլի սպրդեցուած արտայայտութեան միտք բանին կրցանք ըմբռնել, առանց ոեւէ մէկուն պահանջին, իսկ Պասիլ արդէն իսկ ներում հայցեց այդ առնչութեամբ, որովհետեւ ատիկա ուղղակիօրէն կապուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան սկզբունքներուն եւ բարոյական արժէքներուն», ըսաւ ան:
Քանաան ընդգծեց, որ փողոցը արձանագրուած հակազդեցութիւններն ու Միրնա Շալուհիի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոնին դիմաց կատարուած քայլերը յարձակումներ էին: «Բայց եւ այնպէս, ընդառաջելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներողամտութեան թելադրանքներուն, մենք ներողամիտ կ՛ըլլանք մեր կեդրոնին դէմ գործուած յարձակումին գծով: Հոս պէտք է արձանագրել, թէ լիբանանցիները իրենց իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով հաւասար են: Լիբանանի մէջ կայ պետութիւն, որ կը պաշտպանէ բոլորը եւ իրաւական սահմաններուն մէջ կ՛երաշխաւորէ բոլորին իրաւունքները», նշեց ան:
Քանաան դիտել տուաւ, որ համախմբումն ու անոր նախագահը կը խոստանան բոլոր լիբանանցիներուն իրենց ծրագիրով եւ ուղեգիծով ընթանալ, ինչպէս նաեւ շարունակել նուաճումներու գործադրութիւնը:
Քանաան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք պահպանեցին երկրին կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երիտասարդներուն, որոնք պահպանեցին իրենց կարգապահութիւնը, պարկեշտութիւնը եւ իրենց կուսակցութեան կեդրոնը:



