Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Ձմեռնային Զբօսաշրջութիւն Ունեցող Կարեւորագոյն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

January 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ այցելեց Քֆարտըպիանի չմշկուղիները եւ ձմեռնային զբօսաշրջութեան եղանակի բացումը կատարեց:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ այս շրջանը կարեւոր է եւ ժողովրդային` աւելցնելով, որ անիկա քաղաքապետարանին եւ սեփական մարզին ներդրումներուն շնորհիւ դարձած է ձմեռնային զբօսաշրջութեան կարեւոր կեդրոն մը, որուն մասին ամբողջ աշխարհը տեղեակ պէտք է պահել:

Ան հաստատեց, որ շրջանին մէջ Լիբանան ձմեռնային զբօսաշրջութիւն ունեցող կարեւորագոյն երկիրներէն է` վերահաստատելով, որ լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզը լրատուութիւնը պէտք է հաւասարակշռէ դրական եւ ժխտական լուրերուն միջեւ: «Նման դրական լուրեր պէտք է առաջնորդող լուրերու վերածուին, իսկ մենք պէտք է հպարտ զգանք մեր վայելած բնական բարիքներուն համար, որովհետեւ այս է Լիբանանը` երկինքէն բեկոր մը», յայտնեց ան:

Նախարար Կիտանեան մաղթեց, որ տեղական իշխանութիւններուն եւ զբօսաշրջական հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի` աւելցնելով, որ ինք երթեւեկի կարգաւորում եւ կանոններ նշմարած է Քֆարտըպիանի չմշկուղիներուն մօտ, ինչ որ կը փաստէ, թէ չմշկելու նպատակով այդ վայրերը հասնելու առումով խճողումներուն հարցը լուծուած է:

«Իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն մեր պարտականութիւնն է աշխատիլ այս շրջանը շուկայադրելու ուղղութեամբ: Այդ աշխատանքը կը կատարուի համաշխարհային մակարդակի վրայ` պտոյտներ, խորհրդաժողովներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպող ընկերութիւններու կողմէ, իսկ մեր պարտականութիւնն է այդ ընկերութիւնները տեղեակ պահել մեր բնութեան գեղեցկութեան մասին», շեշտեց Ա. Կիտանեան:

 

 

Նախորդը

Էլիաս Պու Սաապ. «Պաապտայի Եւ Այն Թինէի Միջեւ Խորհրդակցութիւնները Պէտք Է Վերականգնել»

Յաջորդը

«Քուէյթի Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Հեզասահ Են, Եւ Մենք Կը Ջանանք Զանոնք Աւելի Եւս Ամրապնդել» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.