Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի «Հայրենիքի մը պատմութիւնը» խորագիրով համագումարին ընթացքին յայտարարած է, թէ Եգիպտոսը միակ երկիրն է, որ գաղթակայաններ չունի, թէեւ Եգիպտոս իր հողերուն վրայ կը հիւրընկալէ 5 միլիոն գաղթական, սակայն անոնք ոեւէ քաղաքացիի նման կը վայելեն առողջապահական, կրթական, ընկերային, բնակարանային եւ ապահովական բոլոր ծառայութիւնները: Ըստ անոր, այդ գաղթականները նաեւ ունին լրիւ ազատութիւն` աշխատելու, ճամբորդելու, փոխադրուելու, առանց որեւէ կաշկանդումի:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սիսի հաստատեց, որ Եգիպտոս ընդունած էր նաեւ հայերը, երբ անոնք բռնի տեղահանուեցան իրենց հայրենիքէն եւ «եղան մեզմէ»: Նախագահը հաստատեց, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ հայ ժողովուրդը թուրքերուն կողմէ ենթարկուեցաւ հաւաքական Ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան, բռնագաղթի, իսկ հայերէն ոմանք սպանդներէն փախուստ տալով տարածուեցան իրենց հողերէն դուրս, եւ անոնց մէկ մասը ապաստան գտաւ Եգիպտոսի մէջ:



