Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ այցելեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Մահմուտ Քումաթի, Ալի Տահեր եւ Հըզպալլայի քաղաքական խորհուրդի պատասխանատուներ:
Ներկաները քննարկեցին երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ ընտրութիւնները յետաձգել կամ ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկել:
Ուահապ ընդգծեց, որ Հըզպալլան էր եւ կը մնայ իր դաշնակիցներուն կողքին` աւելցնելով, որ այլ կարելիութիւններու վրայ գրաւ դնողը չի գիտեր, թէ Հըզպալլան եւ Դիմադրութիւնը ինչպէ՛ս կը մտածեն:
«Մենք կ՛ուղղուինք դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ` յուսալով, որ այդ ընտրութիւններուն լոյսին տակ կ՛ունենանք խորհրդարան մը, որուն մաս կը կազմեն գործող քաղաքական բոլոր ուժերը», ըսաւ Ուահապ:



