Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման հարցով Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարի օգնական Մարշըլ Պիլինկսլի երէկ երեկոյեան հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ընդունեց Պիլինկսլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան գործակատար Ռիչըրտ Ճոնզի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, նախագահ Աունի խորհրդատու Միրէյ Աուն Հաշեմ եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան իր Կեդրոնական դրամատան եւ ելեւմտական համապատասխան իշխանութիւններուն միջոցով աշխուժ կերպով կը մասնակցի ահաբեկչութեան ֆինանսաւորումին եւ դրամի լուացումին դէմ տարուող համաշխարհային ջանքերուն` յարգելով միջազգային օրէնքներն ու չափանիշները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ արձանագրուած յաղթանակէն ետք լիբանանեան ապահովական հաստատութիւնները յանձնառու կը մնան քնացած բջիջներու հետապնդումին` աւելցնելով, որ ապահովական կանխարգելիչ գործողութիւնները իրենց արդիւնքը ունեցած են:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ մաքսատունն ու ապահովական համապատասխան կառոյցները մեծ թիւով թմրեցուցիչի մաքսանենգումի փորձեր կասեցուցած են, հակառակ այն իրականութեան, որ թմրեցուցիչի մաքսանենգները արդիական միջոցներ օգտագործած են:
Նախագահ Աուն նշեց, որ ահաբեկչութիւնն ու դրամը պատերազմներուն հիմնական աղբիւրներն են:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներուն` լիբանանեան բանակին նկատմամբ անոնց ցուցաբերած օժանդակութեան համար: Ան մաղթեց, որ բանակին նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութիւնները շարունակուին` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
Պիլինկսլի նախագահ Աունին ներկայացուց Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակը` դրուատելով Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան եւ լիբանանեան ելեւմտական իշխանութիւններուն ցուցաբերած գործակցութիւնը:
Պիլինկսլի շեշտեց Ուաշինկթընի յանձնառութիւնը` լիբանանեան տնտեսութեան եւ բանակին նկատմամբ օժանդակութիւնը շարունակելու իմաստով:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը հիմնական է երկրին քաղաքական կայունութիւնը պահպանելու առումով:
Հարիրիի Մօտ
Պիլինկսլի այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:



