Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց քարիւղի արտահանման նախարարական յատուկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, մարդկային իրաւունքներու պետական նախարար Այման Շքէյր եւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել:
Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի եւ Ժոմպլաթի միջեւ հասարակ յայտարարները շատ կան` աւելցնելով, որ անոնցմէ ոմանք քաղաքական են, իսկ ուրիշներ ոչ քաղաքական, այլեւ` ունին բարգաւաճման բնոյթ:
Ապու Ֆաուր նշեց, որ ներկայիս հիմնական հարցը շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացման հրամանագիրի խնդիրն է:
Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ վարչապետը կը շարունակէ իր ջանքերը` այդ թղթածրարը լուծելու առումով, «եւ արդէն իսկ յստակ է, թէ քաղաքական նուազագոյն կամքի գոյութեամբ կարելի է այդ տագնապը լուծել», ըսաւ ան:
Ապու Ֆաուր հաստատեց այդ թղթածրարին լուծումը սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ գտնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք չէ Թաէֆի համաձայնագիրէն շեղիլ, այլ` լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը լուծել այդ համաձայնագիրին շրջագիծին մէջ:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ իրենք հանրապետութեան նախագահը չեն ամբաստաներ Թաէֆի համաձայնագիրէն շեղելու յանցանքով, սակայն կը մաղթեն, որ Թաէֆի համաձայնագիրը աւելի լրջօրէն նկատի առնուի:
Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Պըրնելլա Քարտելը, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Քարտել յայտնեց, որ վարչապետին հետ հանդիպումը եղած է արդիւնաւէտ` աւելցնելով, որ քննարկած են «Հռոմ 2» խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները` նպատակ ունենալով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն լաւագոյն օժանդակութիւնը ապահովել:
Քարտել յայտնեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած են նաեւ շրջանային զարգացումներն ու Լիբանանի վրայ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը:
«Վարչապետին հետ անդրադարձանք նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնց ճշդուած թուականին` 6 մայիսին կայացման մասին լուրերը դրական են: Իսկ մենք իբրեւ ՄԱԿ կը գտնուինք այս իմաստով Լիբանանին օժանդակելու առաջադրանքին դիմաց», շեշտեց Քարտել:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութ, որուն հետ Հարիրի քննարկեց յառաջիկայ շաբաթ Գերմանիա կատարելիք իր այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Հարիրիի այցելեցին նաեւ Հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար եւ Ապապետականացման գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Հայեք:
ՆՇԵՆՔ, որ ընտրական օրէնքի գործադրութեան նախարարական յատուկ յանձնախումբի երէկուան նիստը առկախուեցաւ` վարչապետ Հարիրիի Զուիցերիա կատարելիք ճամբորդութեան պատճառով:



