Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր երկրի գործարարներուն առջեւ արտասանած իր խօսքին մէջ սպառնաց իր երկրին կողմէ բռնագրաւուած Ալեքսանտրեթ նահանգին դէմ հրթիռ արձակած կողմերուն` յայտնելով, որ այդ արարքին «գինը պիտի վճարեն»:
Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը ետդարձ պիտի չկատարէ Աֆրինի դէմ գործողութենէն` նշելով. «Այս հարցին շուրջ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի»: Ան աւելցուց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարած երկիրներէն կը պահանջուի պայքարիլ Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ:
Թուրքիոյ նախագահը նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն, որ պէտք է «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութեան աւարտի ժամկէտ ճշդել եւ զայն պէտք չէ երկարաձգել, «իսկ ես անոնց կ՛ըսեմ` դուք Աֆղանիստանի մէջ ձեր ներկայութեան ժամանակ չճշդեցիք»: Ան շեշտեց, որ Միջազգային դաշինքը իր ներկայութեան ժամանակը չճշդեց, որովհետեւ հարցը թուաբանական հաշիւ մը չէ եւ «մեր գործողութիւնը շարունակելու համար ոչ ոքէ արտօնութեան կամ արտօնագիրի չենք կարօտիր»:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտնեց. «5000 բեռնատար եւ 2000 օդանաւ բերին ահաբեկիչներուն զէնք փոխադրելու համար, իսկ մենք Ամերիկայէն ուզեցինք գնել եւ փոխարէնը դրամ վճարել, սակայն ան նախընտրեց զանոնք յանձնել ահաբեկիչներուն, ուրեմն ինչպէ՞ս կրնայ մեր դաշնակիցը ըլլալ»:
«Շատ շուտով ահաբեկչական կազմակերպութեան ճնշումներուն վերացումէն ետք, Աֆրինի մեր քիւրտ, արաբ եւ թիւրքմեն եղբայրները մեզի շատ շնորհակալութիւն պիտի յայտնեն», աւելցուց ան:
Գետնին վրայ, «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Աֆրինի դէմ Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքներէն ի վեր քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն եւ սուրիական ղեկավարութեան միջեւ համակարգում գոյութիւն ունի: Լաւատեղեակ աղբիւրներ նաեւ յայտնած են, որ քրտական ջոկատները բանակցութիւններու ընթացքին մերժած են սուրիական բանակին Աֆրին մուտքը, ինչպէս նաեւ նշեցին, որ քրտական ջոկատները Աֆրինի շրջանը բաժնած են 4 մասերու, որոնց միջեւ երթեւեկը արգիլուած է:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները կը ջանան երկարատեւ գործողութեան մը ճամբով մաշեցնել թրքական բանակը:
Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը Ռուսիոյ եւ Միջազգային դաշինքին կոչ ուղղեցին յստակացնելու Աֆրինի դէմ թրքական յարձակումին նկատմամբ իրենց կեցուածքը: Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը իր կարգին հաղորդեց, որ քրտական ղեկավարութեամբ այդ ուժերը վերատիրացած են Շանքալ եւ Ատմանլի գիւղերուն, ուր կիրակի օր մուտք գործած էին թրքական զինեալ ուժերը:
Քրտական ուժերուն, թրքական բանակին ու դաշնակից ուժերուն միջեւ բուռն բախումները կը կեդրոնանան 6 առանցքներու վրայ, որոնք են` Աֆրինի հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ Շանքալն ու Ատմանլին, Ալեքսանտրեթի հետ արեւմտեան սահմանին վրայ Շատիան ու Սուրքան, իսկ հիւսիսային սահմանին վրայ Պալիան ու Ռաննէն:
«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պեքիր Պոզտաղ կը յայտնէ, որ Անգարա Ռուսիոյ կամ այլ երկիրներու չէ խոստացած, թէ «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պիտի սահմանափակէ Աֆրին քաղաքով:
Միւս կողմէ, քիւրտ պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան կը յայտնէ, որ Սուրիոյ քիւրտերը հաւանաբար չմասնակցին Սոչիի խորհրդաժողովին:



