Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ երեկոյեան Մեհրապի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը ներկայութեամբ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի:
Հանդիպումէն ետք Քանաան ըսաւ. «18 յունուար 2018-ին կը հաստատենք, որ Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ հաշտութիւնը կը յամենայ: Այդ հաշտութիւնը ռազմավարական է եւ կը գերազանցէ որեւէ համաձայնութիւն կամ դաշինք, որովհետեւ անիկա քրիստոնէական եւ ազգային պահանջ է»:
Քանաան յայտնեց, որ քննարկումները շարունակած են բացարձակապէս մտերմիկ կերպով եւ կատարեալ անկեղծութեամբ: «Չկայ թղթածրար մը, որուն մասին անկարելի է խօսիլ, իսկ այժմ կը սերտենք փոխըմբռնումներ կատարելու եւ գործակցելու կարելիութիւնները` յարգելով գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները», շեշտեց Քանաան:
Ան հաստատեց, որ անկեղծ երկխօսութիւնը բնականաբար պիտի դրսեւորուի գոյանալիք ընտրական դաշինքներուն վրայ` աւելցնելով, որ յառաջիկային հանդիպումները պիտի շարունակուին:



