Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիրահայոց Թեմը Թիֆլիսի Թանդոյեանց Եկեղեցին Թեմին Կամ Նախկին Կարգավիճակին Վերադարձնելու Պահանջով Դիմած Է Դատարան

January 18, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թիֆլիսի մէջ 1883 թուականին կառուցուած հայկական Թանդոյեանց Ս. Աստուածածին եկեղեցին կեղծ փաստաթուղթի հիման վրայ փոխանցուած է վրաց պատրիարքարանին: Վիրահայոց թեմը դիմած է դատարան:

Այս մասին «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան:

Ան յայտնած է, որ ապրիլ 2017-ին պատրիարքարանի քարտուղար Պոթքովելին պատրիարքարանին անունով դիմած է Վրաստանի յուշարձաններու պահպանութեան եւ վերականգնման գործակալութիւն` Թանդոյեանց եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար:

«Գործակալութիւնը ներկայացուցած է կեղծ փաստաթուղթ, թէ իբրեւ թէ այդ եկեղեցին նախապէս եղած է վրացական: Ինչ որ այդպէս չէ եղած, այդ կողմերուն մէջ, այդ վայրին մէջ եղած է վրացական եկեղեցի, սակայն ոչ Թանդոյեանցը: Այդ կեղծ փաստաթուղթին հիման վրայ Վրաստանի կալուածներու արձանագրման պետական կեդրոնը այդ եկեղեցին` իբրեւ սեփականութիւն փոխանցած է վրաց պատրիարքարանին: Մենք հանդիպումներ ունեցած ենք պատրիարքարանին, կառավարութեան, խորհրդարանին մէջ, այս հարցերը արծարծած ենք, բացի ատկէ նամակներ գրած ենք, սակայն առայժմ միայն Յուշարձաններու պաշտպանութեան գործակալութեան ղեկավարը մեզի պատասխանած է, թէ իբրեւ թէ իր պատասխանած նամակին մէջ ինք նկատի չէ ունեցած Թանդոյեանց եկեղեցին, այլ նշած է, որ այդ հասցէին եղած է եկեղեցի: Բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն մենք դիմած ենք դատարան», ըսած է Վազգէն եպս. Միրզախանեան:

Առաջնորդ սրբազանին համաձայն, որովհետեւ հարցը բանաւոր, գրաւոր խնդրանքներով չէ լուծուած, տեղափոխած են իրաւական դաշտ:

Այն հարցումին, թէ դատարանէն ինչ պահանջած են, Միրզախանեան սրբազանը ըսած է. «Մենք կը դիմենք դատարանին` պահանջելով, որ կա՛մ եկեղեցին վերադարձուի Վիրահայոց թեմին, իբրեւ իր պատմական ժառանգութիւն, կա՛մ դարձեալ եկեղեցին իբրեւ պետութեան սեփականութիւն վերադարձուի տնտեսութեան նախարարութեան»:

Ան յայտնած է, որ եկեղեցին մինչեւ խորհրդային տարիները գործած է իբրեւ հայ առաքելական եկեղեցի, ապա վերածուած է շարժապատկերի սրահի, վերջին տասնհինգ տարիներուն տանիքը փլուզուած էր:

«Վերանորոգման ժամանակ մենք դիմած էինք, որ եկեղեցին ունենայ կարգավիճակ, այդ ամէնը անտեսուած է, եւ կեղծ փաստաթուղթերու հիման վրայ` սեփականութեան իրաւունքով տրուած է պատրիարքարանին, շրջանցուած է նաեւ Կրօնի հարցերով գործակալութիւնը», ըսած է Վազգէն եպս. Միրզախանեան:

Անոր համաձայն, Վրաստանի մէջ 2002 թուականին եկեղեցւոյ եւ պետութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրին մէջ կայ կէտ մը, որ վտանգ կը ներկայացնէ Վրաստանի մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիներուն համար. «Պետութեան եւ վրաց պատրիարքարանին միջեւ կնքուած սահմանադրական համաձայնագիրի 2-րդ կէտին համաձայն, Վրաստանի մէջ բոլոր եկեղեցիները կը նկատուին Վրաց եկեղեցւոյ պատկան տաճարներ»:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Եւ Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Արցախեան Հիմնահարցը

Յաջորդը

Բաղդասարեան. «Պէտք Է Նախագահի Այնպիսի Թեկնածու Ներկայացնենք, Որ Ընդդիմութեան Կողմէ Նոյնպէս Ընդունելի Ըլլայ»

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.