Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոքի Հետ Գժտուած Ենք, Այլ` Երկրին Կայունութիւնն Ու Ապահովութիւնը Կը Փափաքինք Վկայել»

January 18, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ արաբ եւ օտար հիւպատոսական անձնակազմերը, որոնք շնորհաւորեցին նախագահը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդին առիթով:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Հանի Շմայթլի:

Նախագահ Աուն իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց, որ թիւրիմացութիւնները կարելի է պարզել դատական իշխանութիւններուն միջոցով: Ան զարմանք յայտնեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներու աստիճանի բարձրացման թղթածրարը ժխտական մթնոլորտ ստեղծած է` աւելցնելով, որ նման քայլի դիմելը լիբանանցիներուն համար պատիւ է:

Նախագահ Աուն ըսաւ, որ դատական իշխանութիւնները անձեռնմխելի են: «Անոնք կ՛արձակեն վճիռներ եւ բոլորին կը բացատրեն օրէնքները, իշխանութեան պետերէն սկսեալ մինչեւ քաղաքայինները», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նշեց, որ տեղեկատուութեան մարզին հետեւողները այսօր կը ստանան այդ տպաւորութիւնը, որ հսկայ հրդեհի մը մէջ կը գտնուինք, մինչդեռ իրականութիւնը այդ տպաւորութեան չի համապատասխաներ:

Ան հաստատեց, որ երկրին իշխանութիւնները դատական եւ ապահովական նշանակումները կատարած են` փաստելու համար, որ անվտանգութիւնն ու դատական իշխանութիւնները ամէն բանի հիմքը կը կազմեն:

«Իսկ մեր վկայած ապահովական կայունութիւնը արդիւնք է այդ ընտրանքին մեր կառչածութեան», ըսաւ նախագահ Աուն:

Իր կարգին, Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմի նախագահ Ժոզեֆ Հապիս մաղթեց, որ նախագահ Աունի օրով շարունակուին լիբանանեան իշխանութիւններուն արձանագրած նուաճումները:

Մար Անթոնիոս Վանքին Մէջ

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի, ներկայ գտնուեցաւ Պաապտայի Մար Անթոնիոս վանքին մէջ Ս. Անտոնի անուանակոչութեան առիթով մատուցուած պատարագին:

Ապա նախագահ Աուն դարձաւ Անտոնեան միաբանութեան ճաշի հիւրը:

Ճաշկերոյթի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ խիստ արգիլուած է իրենց իշխանութեան դպչիլ: «Մենք կը յարգենք բոլոր իշխանութիւնները` համաձայն սահմանադրութեան եւ օրէնքին: Ոչ ոքի հետ գժտուած ենք, այլ` երկրին կայունութեան ու ապահովութեան կը փափաքինք վկայել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ առանց սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն` հաստատութիւնները անարժէք են, որովհետեւ անոնք ենթակայ չեն ըլլար հեղինակութիւններու, այլ` քաոսի: «Բոլորը պէտք է ըմբռնեն այս ճշմարտութիւնը եւ համոզուին, որ դատական իշխանութիւններուն դիմաց յաղթող կամ պարտուող չկայ», ընդգծեց նախագահ Աուն:

 

Նախորդը

Թեհրանի Մէջ . «Ես Եւ Սէյիտ Նասրալլա Մէկ Սիրտ Կրող Երկու Մարմիններ Ենք» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Կառավարութեան Այսօրուան Նիստին. Պասիլ Կ՛առաջարկէ Երկարաձգել Արտերկրի Լիբանանցիներուն Արձանագրութեան Պայմանաժամը, Իսկ Ամալ Շարժումը Կտրականապէս Կը Մերժէ Այդ Առաջարկը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.